Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Կառավարութեան Կազմաւորումը Նախագահութեան Կապելը Սխալ Է. Քասեմ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Շաբաթավերջին, Հըզպալլայի փոխառաջնորդը քննադատեց այն քաղաքական գործիչները, որոնք, ըստ իրեն, կը խոչընդոտեն նախարարաց խորհուրդի ձեւաւորումը զայն կապելով նախագահութեան կամ սպասելով արտասահմանեան զարգացումներու՝ հասնելու յարմարաւէտ լուծման:
«Եթէ ոմանք կը հաւատան, որ կառավարութեան կազմաւորման երկարաձգումը կապելով արտասահմանեան ճգնաժամերու՝ կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ լուծումներու, ապա կ’ուզենք ըսել անոնց, որ սա միայն կը յանգեցնէ յաւելեալ խափանման»,- ազգային լրատուական գործակալութիւնը մէջբերեց փոխառաջնորդ Նաիմ Քասեմի խօսքը հարաւային Լիբանանի մէջ շրջանաւարտներու աւարտական հանդէսի ժամանակ:
Առանց անուններ տալու՝ Քասսեմ խստօրէն քննադատեց այն քաղաքական գործիչները, որոնք իրենց նախագահ դառնալու հնարաւորութիւնը ուղղակիօրէն կը կապեն նախարարաց խորհուրդի մէջ պաշտօններու: Ան ըսաւ, որ Լիբանանի նախագահութիւնը երբեք կապուած չէ կառավարութեան կազմաւորման:    

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին