«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը Կիրակի բացայայտօրէն մեղադրեց ԱՄՆ-ը ՄԱԿ-ի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Պաղեստինի գաղթականներու օգնութեան եւ աշխատանքներու գործակալութեան ուղղուած ֆինանսաւորումը խափանելու հետ կապուած որոշումին առթիւ՝ նախազգուշացնելով պաղեստինցիներու տունդարձի իրաւունքը հերքելու որեւէ փորձէ:
«ՄԱԿ-ի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Պաղեստինի գաղթականներու օգնութեան եւ աշխատանքներու գործակալութեան օժանդակելը պարտականութիւնն է այն պետութիւններուն, որոնք համաձայնեցան հիմնել Իսրայէլի պետութիւնը պաղեստինեան հողատարածքին վրայ»,- ըսուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Նախարարութիւնը նախազգուշացուց նաեւ այս որոշումի ետին կանգնած մտադրութիւններէն, որ կը կայանայ յաջորդական իրադարձութիւններու լոյսին ներքոյ:
Ասիկա կը վերաբերի ԱՄՆ-ի դեսպանատան տեղափոխումը Երուսաղէմ եւ վերջինիս՝ որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաքի հռչակումը: