Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Էրտողանը Կոչ Ըրած Է Վերջ Դնելու Միջազգային Առեւտուրի Մէջ Տոլարի Գերակայութեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է վերջ տալ միջազգային առեւտուրի մէջ ամերիկեան տոլարի գերակայութեան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ նովոսթի»-ն, Էրտողան նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Թուրքիա-Ղրղզիստան առեւտրական ժողովի ընթացքին ունեցած ելոյթի ժամանակ:

«Անհրաժեշտ է վերջ տալ միջազգային առեւտուրի մէջ տոլարի գերակայութեան՝ օգտագործելով հաշուարկները ազգային արժոյթներուն մէջ»,- յայտարարած է Էրտողանը:

Թուրքիոյ նախագահի խօսքով՝ տոլարի հետ կապուած համակարգը, որ ստեղծուած է իբրեւ թէ առեւտուրը հեշտացնելու համար, ներկայիս վերածուած է մեծ խնդիրի: «Առեւտրային պատերազմները կը ստիպեն շատ ոլորտներու մէջ նոր ռազմավարութիւն օգտագործելու: Արժոյթներու փոխարժէքի ձեռնածութեան նպատակն է ստիպել կասկածելու, որ Թուրքիան ուժեղ եւ առողջ տնտեսութիւն ունի: Նպատակը Թուրքիոյ տնտեսութեան հարուած հասցնելն է: Սակայն կառավարութեան կողմէ իրականացուած միջոցառումներու եւ Թուրքիոյ բնակչութեան որոշիչ դիրքորոշման շնորհիւ այդ փորձը յաջողութիւն չունեցաւ»,- յայտարարած է Էրտողանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին