ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Քանի մը օր առաջ ցաւալի դէպք մը պատահեցաւ Պուրճ Համուտի մէջ, որուն զոհ գնաց հայորդի մը ու վիրաւորուեցան ուրիշներ: Պուրճ Համուտի, Լոս Անճելըսի կամ Երեւանի մէջ ալ պատահող բան մը, որ, նկատի ունենալով կողմերէն մէկուն հիւանդ հոգեվիճակը, դրացիներու վիճաբանութիւնը վերածուեցաւ քստմնելի արիւնահեղութեան, ինչ որ, անտարակոյս, այպանելի է ու մեղադրելի:
Դէպքը ցաւալի ըլլալով հանդերձ եւ հակառակ վնասուող կողմը հայ ըլլալուն՝ լիբանանահայ մամուլը անոր լրատուութեան հետ, ըստ ընկալուած շնորհակալ սովորութեան, պատասխանատուութեամբ մօտեցաւ:
Նոյնը չըրաւ, սակայն, ամէնուր իր քիթը տեղի-անտեղի խոթող համացանցային հայատառ լրատուական կայք մը, որ, թերեւս, իր կայքին առաւելագոյն այցելուն գրաւելու նպատակով դէպքը իր առաջին արագ լրատուութեամբ, նման տրամաթիք եւ գետնի վրայ անոր հետեւանքներուն գիտակցութիւնը չունեցող կամ անտեսող մօտեցումով մը վերնագրած էր «Հայ-քիւրտ բախումներ Պէյրութի Պուրճ Համուտ հայահոծ շրջանին մէջ»: Այս ոճը բնականաբար ունեցաւ մեծ թիւով ընթերցողներ, նամանաւանդ որ պատեհապաշտ լրագրողին եկաւ օգնելու նոյն օրերուն Սուրիոյ Ժեզիրա շրջանի քրտական տիրապետութեան տակ գտնուող մասերուն մէջ տեղի ունեցող դէպքերը: Աւելի ուշ, թերեւս լսելով կարգ մը թելադրանքներ եւ զգուշացումներ, մեղմացուցած էր վերնագիրը՝ օգտուելով համացանցի վրայ սրբագրութիւններ ընելու հնարաւորութենէն, սակայն, ի հարկէ, իր նպատակադրած հետաքրքրութիւնը ստեղծելէն ժամեր ետք:
Ահաւասիկ անպատասխանատու, անհատական լրագրութեան օրինակ մը, որուն առաջնահերթութիւնը սքուփն է, մինչ լիբանանահայ մամուլը հաւատարիմ իր սկզբունքներուն՝ ամէն բանէ վեր կը նկատէ ներհայկական եւ ներլիբանանեան ապահովութիւնն ու կայունութիւնը:
Նոյնքան մտահոգիչ էր, սակայն, տուեալ կայքի խմբագիրին (ան)տրամաբանութիւնը, երբ, իրեն հետ կապ ստեղծելով, անձնապէս կը փորձէի իր ազնիւ ուշադրութեան յանձնել իր ըրածին վտանգաւոր հետեւանքները: Ան զարմանալի ինքնագոհութեամբ մը ժամանակակից լրագրութեան դասեր ալ փորձեց տալ մեզի, որ հիմնուած է եղեր լրատուական արագ հակազդեցութեան վրայ, որուն պակասէն կը տառապին եղեր, ըստ մեր «բարեկամին», լիբանանահայ թերթերը:
Այս առիթով, թոյլ տուէք ինծի, սիրելի ընթերցող եւ լիբանանահայ մամուլի գործընկերներ, մեր բոլորին անունով արտայայտուելու այստեղ՝ հասկցնելու առ որ անկ է, թէ մենք լրատուութեան մէջ պիտի նախընտրենք ըլլալ «դասական», եթէ այդ կը պահանջէ լիբանանահայութեան ու նաեւ Լիբանանի անդորրութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի իրենք իրենց ժամանակակից կոչած լրատուական կայքերու պատասխանատուներուն, թող այս տեսանկիւնը ծառայէ որպէս զգաստութեան կոչ՝ մէկդի դնելու իրենց անհատական շահը, երբ հայ ժողովուրդը վտանգուած է:
Զգո՛յշ, երբ հայ ժողովուրդի ֆիզիքական ապահովութիւնը, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքներու, կը վտանգուի նման արարքներով: Միայն այն ատեն է, որ մեր մօտ հանդուրժողականութեան տեղ չի մնար այլեւս: Վայ անոր, որ այսուհետեւ կը համարձակի անպատասխանատու մօտենալ նման հարցերու: Վերջակէտ: