«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախկին երեսփոխան Նաուար Սահելի Երկուշաբթի ըսաւ, որ ընդհանուր անվտանգութեան պետ, հրամանատար Ապպաս Իպրահիմին ներկայացուցած է աւելի քան 1000 գաղթականներու անունները, որոնք գրանցուած են Հզըպալլայի կողմէ գաղթականներու տունդարձի համար հաստատուած կեդրոններուն մօտ: Այս մասին կը հաղորդէ տեղական լրատուամիջոցներէն մէկը:
Սահելի ըսաւ, որ այդ անունները լաւապէս ուսումնասիրուած են Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ եւ անոնց դիմումները հաւանութիւն ստացած:
Երկուշաբթի ընդհանուր անվտանգութեան հրապարակած յայտարարութեան համաձայն՝ Իպրահիմ հանդիպում ունեցաւ Սահելի հետ՝ քննարկելու սուրիացի գաղթականներու ճգնաժամը: Սահելի կը վերահսկէ այն գաղթականներու կեդրոնները, զորս հաստատուած են Հըզպալլա կուսակցութեան կողմէ, որոնք հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն Սուրիա վերադառնալ ցանկացող գաղթականներուն գրանցուիլ իրենց մօտ: