ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
CONIFA-ն՝ ֆութպոլային Անկախ Կազմակերպութիւններու Համադաշնութիւն, «Եւրոպական Ֆութպոլի Գաւաթ 2019» Մրցաշարը CONIFA-ի Եւրոպայի Առաջնութիւնը 2019-ին Տեղի Կ’ունենայ Արցախի Մէջ
Այս մասին արդէն կայ պաշտօնական յայտարարութիւն: Աւելի կանուխ, կազմակերպութեան ներկայացուցիչները այցելած էին Արցախ, ծանօթացած տեղի պայմաններուն, պայմանաւորուած նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ: Անոնք, ի դէպ, արդէն մեկնարկած են: Արցախը 2019-ի ամրան պատրաստ կ’ըլլայ ընդունելու հիւրերը:
CONIFA-ն՝ ֆութպոլային անկախ կազմակերպութիւններու համադաշնութիւն, ՖԻՖԱ-էն ետք թերեւս ֆութպոլային ամենաբազմանդամ ընտանիքն է: Կը միաւորէ աւելի քան 200 խումբ: Հետաքրքրականը այն է, որ մինչեւ իսկ խումբեր կան այն երկիրներէն, որոնք միջազգային ճանաչում ունին եւ ներկայացուած են ՖԻՖԱ-ի մէջ: «Խումբեր կան Ափրիկէէն, Եւրոպայէն, Ամերիկայէն: Նոյնիսկ Ֆրանսայէն եւ Սպանիայէն խումբեր կան՝ շատ լուրջ, միջազգային մակարդակով ճանչցուած ֆութպոլիստներով»,- կ’ընդգծէ «Լեռնային Արցախ» ֆութպոլային ակումբի պետի տեղակալ Մհեր Աւետիսեանը: Ի դէպ, չճանչցուած կամ անկախ կազմակերպութիւններու շարքին ներկայացուցիչ կայ նաեւ Թուրքիայէն: «Ուեսթերն Եունիոն» խումբով կը ներկայանան Թուրքիա բնակող հայերը: Ի միջի այլոց, չճանչցուած պետութիւններէն շատերը իրենց խումբերը ունին: «Այս միութեան մէջ ներգրաւուած եւ նաեւ Աբխազիան եւ Օսիան»,- կը թուարկէ Մհեր Աւետիսեանը:
Արցախը 2013 թուականէն կ’անդամակցի ֆութպոլային անկախ կազմակերպութիւններու համադաշնութեան: 2014-ին մասնակցած է այդ կազմակերպութեան հովանիին ներքոյ Շուէտի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի առաջնութեան: Արդիւնքներէն Արցախի ներկայացուցիչները դժգոհ չեն: Բացի առաջնութիւններուն արդիւնաւէտ մասնակցութիւն ունենալէ՝ Արցախը նաեւ կը յաւակնէր CONIFA-ի հովանիին ներքոյ հանդիպումներու, առաջնութիւններու հիւրընկալող կողմ դառնալ: Եւրոպայի առաջնութիւնը Արցախի մէջ իրականացնելու յայտը ներկայացուած էր աւելի կանուխ: Այլեւայլ պատճառներով յետաձգելէ ետք, յայտը կրկնած են: «Մենք յայտ ներկայացուցած էինք, որպէսզի հիւրընկալէինք Եւրոպայի առաջնութիւնը 2016-ին: Սակայն տեղի ունեցաւ Ապրիլեան պատերազմը եւ ծրագիրները վերանայուեցան: Սակայն կար այդ ծրագիրը իրագործելու ցանկութիւնը»- նախապատմութիւնը կը յիշէ «Լեռնային Արցախ» ֆութպոլային ակումբի պետի տեղակալը:- Եւ CONIFA-ի ղեկավարութիւնն ալ պատրաստակամ էր այդ հարցի գծով»: Նախքան Եւրոպայի 2019 առաջնութիւնը Արցախի մէջ իրականացնելու յայտը բաւարարելու վերաբերեալ պաշտօնական յայտարարութիւնը, CONIFA-ի ներկայացուցիչները մեկնած են Ստեփանակերտ, ճշդած մանրամասնութիւնները, կազմակերպչական հարցերը: «Այցելած են Եւրոպայի դաշնութեան նախագահն ու տնօրէնը: Հանդիպած են Արցախի նախագահի, Արցախի ֆութպոլի դաշնութեան նախագահի հետ: Մեր երկրին մէջ ամենաբարձր մակարդակով անոնց հաւաստացուցած են, որ պատրաստակամ ենք հիւրընկալելու CONIFA-ի հովանիի ներքոյ տեղի ունեցող Եւրոպայի 2019-ի առաջնութիւնը»,- կը պատմէ Մհեր Աւետիսեանը:
«Հիւրերու ուշադրութեան կեդրոնին ֆութպոլային ենթակառուցուածքները եղած են: Անոնք, ընդհանուր առմամբ, առաջնութեան կայացման համար բաւարար գնահատուած են,- գոհունակութիւնը չի թաքցներ «Լեռնային Արցախ» ֆութպոլային ակումբի պետի տեղակալը:- «Մեր հիւրերը նոյնիսկ զարմացած էին, որ մենք նման ենթակառուցուածքներ ունինք: Անոնց համար իւրօրինակ եղած են յատկապէս Ստեփանակերտի եւ Ասկերանի մարզադաշտերը: Այդ մարզադաշտերուն մէջ ալ կը նախատեսուի իրականացնել առաջնութեան խաղերը»:
Ընելիքներ, այնուամենայնիւ, կան: Ստեփանակերտի կեդրոնական մարզադաշտին մէջ շինարարական աշխոյժ աշխատանքներ կ’ընթանան, նախապատրաստական աշխատանքներ պիտի իրականացուին նաեւ Ասկերանի մարզադաշտին մէջ: Պէտք է պատրաստ ըլլան ոչ միայն ֆութպոլային, այլեւ զբօսաշրջային եթակառուցուածքները: Լեռնային Արցախ ֆութպոլային ակումբի պետի տեղակալը կը մանրամասնէ՝ CONIFA-ի ներկայացուցիչները առաջարկած են 8-12 խումբի մասնակցութիւն, իսկ արցախեան կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է հիւրընկալելու 12 խումբ: Ատիկա կը նշանակէ, որ առաջնութեան օրերուն Արցախի մէջ կը հիւրընկալուին 300-400 ֆութպոլիստ, խումբերուն սպասարկող անձնակազմն ու երկրպագուները: CONIFA-ի առաջնութիւնները եւս հանդիսատեսի պակաս չեն ունենար: Միայն նախորդ տարի Լոնտոնի մէջ կայացած առաջնութիւնը լուսաբանելու յայտ ներկայացուցած է աւելի քան 400 լրատուամիջոց: Այնպէս որ, 2019-ի ամրան Արցախն ալ լրատուամիջոցներու ուշադրութեան պակասէն բողոքելու առիթ պիտի չունենայ: Պայմաններ պիտի ապահովուին, որպէսզի հիւրերը ըլլան Արցախի տեսարժան վայրերու մէջ:
Ատիկա ամիսներ անց կ’ըլլայ: Արցախը խորհրդանշող «Մենք ենք մեր սարերը» յուշարձանով, Արցախի դրօշով կամ նռան նկարով պատկերներէն մէկը պիտի դառնայ CONIFA-ի հովանիին ներքոյ 2019-ին կայանալիք ֆութպոլի Եւրոպայի առաջնութեան խորհրդանիշը: Յառաջիկայ օրերուն արդէն բազմաթիւ տարբերակներէն լաւագոյնը կ’ուղարկուի պաշտօնական հաստատման եւ շրջանառութեան մէջ կը դրուի:
Փոքերի Թագաւորը Արցախի Մէջ
Փոքերի թագաւոր, ամերիկացի միլիոնատէր, իր արտասովոր նախաձեռնութիւններով յայտնի Տեն Պիլզերեանը իր ընտանիքի անդամներուն եւ ընկերներուն հետ Օգոստոս 27-ին այցելած էր հայրենիք: Այցը աննկատ չէ անցած: Ընկերային ցանցերու վրայ միլիոնաւոր հետեւորդներ ունեցող Տենի այցին բաւական շատ արձագանգած են նաեւ հայկական միջավայրին մէջ: Ըսենք, որ ինքը՝ Տեն Պիլզերեանն ալ քննարկումներու լրացուցիչ առիթներ ապահովեց:
Տեն Պիլզերեանը Արդէն Հայաստանի Քաղաքացի Է
Պիլզերեանը ի սկզբանէ յայտարարած էր, որ այցը զուտ ճանաչողական է: Սակայն պարզուեցաւ, որ լուրջ մտադրութիւններ ալ ունի: Հայրը՝ Փոլ Պիլզերեանը, Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած էր մի քանի տարի առաջ: Որդիները՝ Ադամ եւ Տեն Պիլզերեանները, հօր օրինակին հետեւեցան եւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացան: Սակայն Տենը աւելի հեռու գնաց: Հայաստանի քաղաքացի դառնալուն պէս գնաց զինուորական վարչական հիմնարկ եւ զինուած ուժերուն մէջ հաշուառման կանգնեցաւ:
Դէպի Արցախ
Արդէն Օգոստոս 28-ին Պիլզերեան ընտանիքը Արցախ էր: Ժամանած են բոլորը՝ հայրը՝ Փոլ Պիլզերեանը, որդիներէն Ադամը եւ ընտանիքի աստղը՝ Տեն Պիլզերեանը՝ անբաժան ընկերուհիներուն հետ: Ադամ Պիլզերեանը կը վստահեցնէ, որ այստեղ աւելի քան այլ տեղ կը զգայ իր հայ ըլլալը. «Իմ ինքնութիւնս ինծի այստեղ բերած է: Միայն ազգանունիս մէջ եղած «եան»-ը չէ, որ զիս կը յիշեցնէ իմ հայ ըլլալս: Այստեղ ես ինծի կը զգամ այնպէս ինչպէս տունը»:
Բազմամարդ պատուիրակութիւնը օդակայանէն հրաձգարան շտապեց: Կրակոցով արցախցիներուն չես կրնար զարմացնել: Տեն Պիլզերեանն ու իր ուղեկցուհիները, այնուամենայնիւ, փորձեցին: Անոնց զէնքի հետ վարուելու կարգը կամ անվտանգութեան կանոնները բացատրելու կարիք չկայ: Կը կրակեն ճիշդ թիրախին՝ գործի դնելով իրենց բազմազան զինանոցը: Հայրը՝ Փոլ Պիլզերեանը, զարմանալի չի համարեր, որ Տենը ոչ միայն հայկական անձնագիր ստացած է, այլեւ զինուած ուժերու մէջ հաշուառման կանգնած: Արմատներով Արեւմտեան Հայաստանի Խարբերդ նահանգէն Փոլ Պիլզերեանը կը վստահեցնէ, որ հաշուառման կանգնած, թէ առանց անոր, իր ընտանիքը վտանգի պահուն հայրենիքի կողքին կ’ըլլայ. «Ես շատ կ’ուզեմ, որ պատերազմ չ’ըլլայ, եւ Ազրպէյճանը հասկնայ, որ սա բնիկ հայկական հող է: Բայց եթէ յանկարծ հակառակը պատահի, ոչ միայն իմ որդիներս, այլեւ ես պատրաստ եմ գալու ու իմ պարտքս կատարելու այստեղ»:
Արցախի մէջ միայն հրաձգարանը չէ, որ կը հետաքրքրէր հիւրերը: Արցախի գլխաւոր խորհրդանիշերէն մէկուն՝ Պապիկ-Տատիկի մօտ կանգառը պարտադիրներու շարքէն է: «Կ’ուզեմ հայրենիք մնալ ու լաւ ժամանակ անցընել: Մարդոց հետ հասցուցի շփուիլ: Ամէն ինչ հիանալի է»,- «Մենք ենք մեր սարերը» յուշարձանի ֆոնին կը վստահեցնէ Տեն Պիլզերեանը:
Արձագանգները
Պիլզերեաններու, իսկ աւելի շատ Տեն Պիլզերեանի այցը աննկատ չմնաց նաեւ Հայաստանէն դուրս: Տարբեր երկիրներու լրատուամիջոցներ անդրադարձած են այդ այցին եւ այցի լոյսին ներքոյ նաեւ Հայաստանին: Հայկական միջավայրի մէջ ալ քննադատողներ եղան: Անոնց արձագանգած է Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը. «Այն մարդը, որուն մասին կը խօսինք, շատերու համար ոչ այնքան ընդունելի կերպար: Այդ մէկը մեզ ինչքանո՞վ կը վերաբերի: Անոր փոխարէն մենք ունինք մարդ, որ ունի թէ՛ ընկերային ցանցերու վրայ, թէ՛ շոու-պիզնեսի, թէ՛, որ աւելի կարեւոր է, քաղաքական շրջանակներու մէջ որոշ կապեր, առնչութիւններ, իր խօսքը մարդոց որոշ խաւի համար կարեւոր է, ինչո՞ւ մենք մեզ կը զրկենք այդպիսի մարդիկ որպէս դեսպան ունենալու հնարաւորութենէն, մենք մեզ ինչո՞ւ կը զրկենք այդ մարդիկը դարձնելու տեղեկացուած դեսպաններ Արցախի եւ Հայաստանի»:
Գիտութեան Եւ Դպրութեան Տօնը Արցախի Մէջ
Սեպտեմբեր 1-էն, առաւօտեան կանուխ ժամերուն Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի փողոցները տօնական գոյներով զարդարուած են: Ամէնուր անոնք են՝ ծաղիկներով ու ժպիտներով դպրոց շտապող փոքրիկները եւ անոնց ետեւէն հազիւ հասնող ծնողներն ու բարեկամները: Ստեփանակերտի համար 7 դպրոցի տնօրէնը սովորականէն կանուխ դպրոց հասած է, բայց քաղաքին մէջ տիրող տօնական իրարանցումը նկատած, արձանագրած է: «Այսօր աւելի շուտ եկայ աշխատանքի, ժամը 7-ի կողմերը: Կը մտածէ, որ տակաւին կանուխ է, քաղաքին մէջ այդ շարժը չ’ըլլար: Բայց նոյնիսկ այդ ժամուն տեսայ ծաղկեփունջերով երեխաներ, անոնց ծնողները, որոնք դպրոց կը շտապէին: Փաստօրէն ոչ միայն մենք կը շտապենք դպրոց գալու, այլեւ երեխաներն ու անոնց ծնողները»,- սեպտեմբերմէկեան տպաւորութիւնները կը պատմէ Ստեփանակերտի համար 7 դպրոցի տնօրէն Անահիտ Պօղոսեանը:
Բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն իւրաքանչիւրը իրեն համար հարազատ կրթօճախը կը շտապէ՝ Սեպտեմբեր մէկի առթիւ աշակերտներն ու ուսուցիչները շնորհաւորելու: Պետական նախարարը Ստեփանակերտի համար 7 դպրոց այցելած է: «Ես կը կարեւորեմ գիտելիքի դերը՝ մեր միակ զարգացման եւ բարեկեցութեան ապահովման հիմքը: Մեր երկրի յենարանը մեր երիտասարդ սերունդն է, եւ ես համոզուած եմ, որ դուք՝ ապագայ քաղաքացիներդ, պիտի պաշտպանէք մեր երկիրը, զայն շէնցնելու եւ զարգացնելու»,- ողջոյնի իր խօսքին մէջ ընդգծած է պետական նախարար Կրիկորի Մարտիրոսեանը: Իսկ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը Գիտելիքի եւ դպրութեան օրուան առթիւ շնորհաւորած է Ասկերանի դպրոցականները: «Մենք ուսման եւ կրթական համակարգ կ’ուղարկենք նոր սերունդ մը, նոր համաստեղութիւն մը: Այսօրուան առաջին դասարանցին 10-12 տարի անց պիտի որոշէ մեր երկրի ճակատագիրը»,- ընդգծած է Արցախի խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը:
Առաջին դասարանցիները ընդունող ուսուցիչները իրենց առաքելութեան պատասխանատուութիւնը լաւ գիտեն: Մանկավարժի 25 տարուան փորձը թիկունքին՝ Արմինէ Միրզոյեանը կը խոստովանի՝ Սեպտեմբեր 1-ին իր սաներէն պակաս չի յուզուիր: Աշակերտներուն բարեմաղթանքը անփոփոխ է՝ արդէն 25 տարի շարունակ: «Մինչեւ իսկ չեմ յիշեր, թէ քանի՛ առաջին դասարանցի ընդունած եմ այս 25 տարուան ընթացքին: Սակայն այս ամբողջ ընթացքին մաղթած եմ եւ այսօր ալ կը մաղթեմ, որ խաղաղութիւն ըլլայ, որպէսզի մեր երեխաները խաղաղ երկնքի տակ հասակ առնեն»,- անփոփոխ բարեմաղթանքը կը կրկնէ Ստեփանակերտի համար 1 դպրոցի ուսուցիչ Արմինէ Միրզոյեանը:
Սեպտեմբեր 1-ին Առաջին զանգը հնչած է Արցախ 217 հանրակրթական դպրոցներուն մէջ: Առաջին դասարանցիներու թիւը 2 հազար 441 է: Թիւը նախորդ տարուան համեմատ աճած է: Ստեփանակերտի դպրոցներուն մէջ ընդհանուր առմամբ 905 առաջին դասարանցի ընդունած են: Ընդունելութեան հարցի մէջ առաջատարը Ստեփանակերտի համար 1 դպրոցն է: Այս տարի 205 աշակերտ ընդունած է առաջին դասարան:
Ստեփանակերտ