Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Աշխարհասփիւռ Հայութիւնը Կը Տօնէ Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան 27-Ամեակը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արցախի Հանրապետութիւնը 27 տարեկան դարձաւ երէկ. 1991-ի Սեպտեմբեր 2-ին ժողովրդական պատգամաւորներու Լեռնային Ղարաբաղի մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդներու համատեղ նստաշրջանը հռչակեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը (ԼՂՀ) նախկին ԼՂԻՄ եւ Շահումեանի շրջանի սահմաններուն մէջ: Այդպիսով իրականացուեցաւ իրաւունք մը, որ արտացոլուած էր այն ժամանակ գործող օրէնսդրութեան մէջ, մասնաւորապէս 1990-ի Ապրիլ 3-ին ընդունուած օրէնքը, որ կը նախատեսէր ազգային ինքնավարութիւններուն իրաւունք տրամադրել ինքնուրոյն կերպով որոշելու սեփական պետաիրաւական կարգավիճակը՝ ԽՍՀՄ կազմէն միութենական հանրապետութեան դուրս գալու պարագային:

1991-ի Դեկտեմբեր 10-ին՝ Խորհրդային միութեան պաշտօնական անկումէն ընդամէնը մի քանի օր առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցաւ հանրաքուէ, որուն ընթացքին ազգաբնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը՝ 99.89 տոկոսը, արտայայտուեցաւ Ազրպէյճանէն լրիւ անկախանալու օգտին: Անոր հետեւած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընտրուեցաւ ԼՂՀ խորհրդարան, որ կազմեց առաջին կառավարութիւնը: Անկախ ԼՂՀ կառավարութիւնը իր պարտականութիւններու իրականացման անցաւ բացարձակ շրջափակման եւ իրեն հետեւած Ազրպէյճանի ռազմական զաւթողականութեան պայմաններուն մէջ: 

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Պաքուի պատասխան գործողութիւնները չուշացան։ 1991-ի Սեպտեմբեր 25-ին Շուշիէն առաջին անգամ «Ալազան» տիպի հրթիռներով ռմբակոծուեցաւ Ստեփանակերտը: Մեկնարկեց արցախեան ազատամարտը։ Պատերազմի յորձանուտին մէջ ձեւաւորուեցաւ հայկական բանակը, որ կարողացաւ ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութիւնը։ Ազրպէյճանի խնդրանքով 1994-ի Մայիս 12-ին կը ստորագրուի հրադադարի մասին փաստաթուղթը Ազրպէյճանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն կողմէ:

Անկախութենէն 15 տարի անց, դարձեալ Սեպտեմբեր 2-ին համաժողովրդական հանրաքուէի միջոցով արցախցիները ընդունեցին պետութեան ու հասարակութեան հիմնական օրէնքը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը:

Իւրաքանչիւր տարի Սեպտեմբեր 2-ին Արցախի մէջ տօնական միջոցառումներ տեղի կ’ունենան տօնին առիթով: Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 27-րդ տարեդարձին նուիրուած միջոցառումներուն մասնակցելու համար աշխատանքային այցով Արցախ մեկնած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին