Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

ԱՄՆ-ը Պաղեստինին Առաջարկած Է Համադաշնութիւն Կազմել Յորդանանի Հետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Միացեալ Նահանգները, որ յառաջ կը տանի մերձաւորարեւելեան կարգաւորման իր ծրագիրը, պաղեստինցիներուն առաջարկած է համադաշնութիւն կազմել Յորդանանի հետ: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած է իսրայէլական հեռուստատեսութեան 10-րդ ալիքը՝ վկայակոչելով հրէական պետութեան ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, որոնց հետ Սեպտեմբեր 2-ին Ռամալլահի մէջ հանդիպած է Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապասը: 
Հեռուստաալիքին տուեալներով՝ ԱՄՆ-ի նախագահի աւագ խորհրդականն ու փեսան՝ Ճարետ Քուշները, եւ միջազգային բանակցութիւններուն մէջ ուաշինկթընեան վարչակազմի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյսոն Կրինպալթը Ապասին առաջարկած են «հրաժարիլ պաղեստինեան անկախ պետութիւն ստեղծելու գաղափարէն՝ յօգուտ Յորդանանի հետ համադաշնութեան»:
Մինչդեռ, «Ալ Մայատին» հեռուստաալիքի տեղեկութեամբ, Ապասը ի պատասխան այդ առաջարկին ըսած է. «Ես պատրաստ եմ համաձայնելու, բայց պայմանով որ համադաշնութեան մաս կը կազմէ Իսրայէլը»: 
Իր հերթին Յորդանանը, «i24 news» լրատուական գործակալութեան տուեալներով, յայտարարած է, որ համադաշնութեան հարցը «բանավէճերու թեմա չէ», հաղորդած է «ՏԱՍՍ»-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին