Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

Ցաւալի միջադէպ Պուրճ Համուտի Մէջ

Երէկ յետմիջօրէին ծանր միջադէպ մը գրանցուած է Պուրճ Համուտի  մէջ։

Ըստ աղբիւրներուն աղբիւրին փոխանցմամբ բանակռիւով սկիզբ առած ու ապա վէճի եւ  արիւնայեղութեան վերածուած միջադէպին հետեւանքով ինկած են զոհեր, որոնց մէջ կան հայորդիներ։

Ըստ նախնական տուեալներու, այնտեղ  ապրող  քաղաքացի մը, հայհոյանքներով դիմած է  շրջանին մէջ ապրող  հայ տարեցի մը, որուն  հետեւանքով ալ տեղի հայ երիտասարդները փորձած են սաստել    հայհոյողը, որ կ՚ըսուի նաեւ, թէ հոգեկան խնդիրներ  ունի։

Հիւանդ երիտասարդը դիմելով դանակի փորձած է սպաննել զինք սաստող երիտասարդները: Դաշունահարուած հայորդիներէն մին հիւանդանոց փոխադրուելու պահուն մահացած է, մինչ տեղեկութիւններ շրջան կ՚ընեն, որ երկու միւս հայ երիտասարդները կը գտնուին ծանր վիճակի  մէջ։

Սպաննուած է դաշունահարողը, իսկ իրեն օգնող երկու այլ երիտասարդներ, ըստ խօսակցութիւններու, անհետացած են դէպքի վայրէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին