Հինգշաբթի, 14. 11. 2024

spot_img

Նոր Կառավարութեան Ամենակարեւոր Առաքելութիւնը Հաւասար Հնարաւորութիւններու Ստեղծումն Է. ՀՀ Վարչապետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Օգոստոս 31-ին իր նստավայրին մէջ հիւրընկալած է «Քենկուրու 2018» միջազգային թուաբանական եւ «Մեղու 2017» հայոց լեզուի մրցոյթներու մրցանակակիրները, ՀՀ իւրաքանչիւր մարզի եւ Արցախի մէջ մրցոյթներու իւրաքանչիւր տարիքային խումբի լաւագոյն արդիւնք արձանագրած աշակերտները, ինչպէս նաեւ հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու 2017-2018 ուսումնական տարուան ընթացքին բարձր յառաջադիմութիւն ցուցաբերած շրջանաւարտները:

Երկրի վարչապետը շնորհաւորած է դպրոցականները ուսումնառութեան ընթացքին ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ միջազգային մրցոյթներուն գրանցած ձեռքբերումներուն համար եւ ՀՀ կրթութեան ու գիտութեան նախարարին հետ միասին անոնց յանձնած է պարգեւներ՝ մետալներ, հաւաստագիրեր եւ նուէրներ:

«Ինչո՞ւ է այսօրուայ իրադարձութիւնն այսքան կարեւոր, եւ ինչո՞ւ ենք այսպիսի հանդիսաւոր պայմաններում իրականացնում այս մրցանակների եւ նուէրների յանձնումը: Դրա պատճառը շատ պարզ է, որովհետեւ բնութեան մէջ չկայ աւելի կարեւոր բան, քան կրթութիւնն է: Այն ամէնն, ինչ դուք այստեղ տեսնում էք եւ ինչի հետ առնչուում էք, կապուած է կրթութեան հետ. եթէ չլինէր կրթութիւնը, չէին լինի այն աթոռները, որոնց վրայ դուք նստած էք, որովհետեւ մարդը, մինչեւ աթոռ պատրաստելու ընդունակութիւնը սովորելը, անցել է կրթութեան ճանապարհով: Այսինքն՝ կրթութեան արդիւնքում է, որ մարդը կարողացաւ ստեղծել աթոռ, կօշիկ, հագուստ, էլ չեմ ասում՝ բարձրախօս, տեսախցիկներ, ինտերնետ եւ, ի վերջոյ, թռչել տիեզերք, եւ, ի վերջո, ստեղծել բազմաթիւ գիտական եւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ: Ի վերջոյ, կրթութեան արդիւնքում է, որ մարդը հասկացաւ, որ ուրիշ մարդու եւ ընդհանրապէս մարդու իրաւունքը, ուրիշ մարդու նկատմամբ յարգանքը, նրա իրաւունքների յարգումը ամենակարեւոր բանն է»,- իր ողջոյնի խօսքին մէջ ըսած է վարչապետը:

Այնուհետեւ ան, խօսքը ուղղելով աշակերտներուն, դիտել տուած է, որ այժմ Հայաստանի մէջ անոնցմէ իւրաքանչիւրի յաջողութիւնը կախուած չէ ուրիշներէն, որովհետեւ, ըստ վարչապետին, նոր Հայաստանի նոր կառավարութեան ամենակարեւոր առաքելութիւնն է «հնարաւորութիւններու հաւասար եւ ընդլայնուած դաշտ ստեղծել, որպէսզի իւրաքանչիւր անհատ արձանագրէ, որ Հայաստանի Հանրապետուեան մէջ ամէն օր կ’ընդլայնին հնարաւորութեան սահմանները: Սա է ամենակարեւոր արձանագրումը»,- շեշտած է Նիկոլ Փաշինեան: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին