Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդը Միաձայն Կ’ընդունի Վերանորոգել Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՖԻԼԻ Լիազօրութիւնները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հեզասահ ընթացաւ ԵՈՒՆԻՖԻԼԻ ուժերու Լիբանանի մէջ ունեցած  լիազօրութիւններու վերանորոգման քուէարկութիւնը, ուր ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի անդամները քուէարկեցին առաջարկուած բանաձեւի օգտին:
Ֆրանսայի զօրակցութիւնը ունեցող բանաձեւը համարեա անփոփոխ մնացած էր՝ անցեալ տարուան համեմատած, ուր մի քանի մանր փոփոխութիւններ կատարուեցան, որոնք կ’առնչուէին ԵՈՒՆԻՖԻԼԻ մէջ աւելի ուշադրութեան դարձնելու կանանց դերին: Բաց աստի, կը պահանջուէր յաւելեալ լոյս սփռել ԵՈՒՆԻՖԻԼԻ ծովային ուժերու հետ կապուած մանրամասնութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ գործարկել իր պատասխանատուութեան անցումը Լիբանանի ռազմածովային նաւատորմին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին