«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի ըսաւ, որ իր քաղաքական բազմակարծութիւններն ու տարբերութիւնները Հըզպալլայի հետ խթան պէտք չէ հանդիսանան կառավարութեան գործունէութեան խափանման: Այս մասին Ուրբաթ «Euronews»-ի հետ հարցազրոյցի ժամանակ ըսաւ վարչապետի պաշտօնակատարը:
«Անոնք երբեք պիտի չընդունին իմ քաղաքականութիւնս Ծոցի երկիրներուն նկատմամբ, նոյնպէս ալ ես պիտի չընդունիմ իրենց քաղաքականութիւնը Իրանի նկատմամբ: Սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ պէտք է դադրեցնենք երկրի գործունէութիւնը»:
Այն հարցին, թէ մտադի՞ր է վարչապետը համաձայնութեան գալ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, Հարիրի ըսաւ, որ կը նախընտրէ Սուրիոյ խնդրով պայմանաւորուիլ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Հարիրի ընդգծեց, որ ինքնին Ռուսիան կը ղեկավարէ Սուրիան: Ուստի, աւելի լաւ է պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերել ուղղակի Ռուսիոյ հետ: