«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովը Օգոստոս 31-ին հանդիպած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ գիտութեան եւ մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Սերկէյ Ռիպինսքիի հետ։
Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Հայկ Բաբուխանեանը։
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրային կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Էդուարդ Շարմազանովը կարեւորած է հայ-ռուսական դարաւոր բարեկամութիւնը, նշած, որ երկուստեք յարաբերութիւնները պէտք է զարգանան բոլոր ուղղութիւններով։
«Հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւնները կը բխին մեր քրիստոնէական եւ աւանդական արժէքային համակարգերէն»,- ըսած է ԱԺ փոխնախագահը՝ աւելցնելով, որ այսօր վտանգուած են այդ համակարգերը։
«Մենք պէտք է համատեղ ուժերով պաշտպանենք զանոնք։ Անհրաժեշտութեան պարագային, հանդէս պիտի գամ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններով»,- նշած է Էդուարդ Շարմազանովը։
ԱԺ փոխնախագահը տեղեկացուցած է, որ այս տարուան Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենայ միջազգային գիտաժողով՝ նուիրուած Քուրսքի եւ Սթալինկրատի ճակատամարտերու 75-ամեակներուն։
«Անոնք ճակատամարտեր էին, որոնք վճռեցին երկրորդ աշխարհամարտի ելքը»,- ըսած է Էդուարդ Շարմազանովը եւ նշած, որ Սթալինկրատի ճակատամարտին մասնակցած են բազմաթիւ հայորդիներ, ներառեալ՝ իր մեծհայրը՝ Պետրոս Աւագեանը, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են յաղթանակի կերտման գործին մէջ։
«Այսօր ալ Ռուսիան կարեւոր դեր կը կատարէ Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ, եւ պէտք է նշեմ, որ մեր երկրի ու ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման առումով մեծ դեր ունի Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանը»,- ըսած է ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալը:
Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ գիտութեան եւ մշակոյթի կեդրոնի տնօրէնը, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, նոյնպէս կարեւորած է դարերու քննութիւնը բռնած ռուս-հայկական բարեկամութեան անխախտելիութիւնը։
Սերկէյ Ռիպինսքին գոհունակութիւն յայտնած է յառաջիկային նախատեսուող գիտաժողովի կազմակերպման համար եւ նշած, որ իր գլխաւորած կեդրոնը պիտի աջակցի բարեկամ հայ գործընկերներուն։
ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Հայկ Բաբուխանեանը նշած է, որ այս տարի արդէն կազմակերպուած է Թուրքմենչայի պայմանագիրի 190-ամեակին նուիրուած գիտաժողով, ինչը մեծ արձագանգ ստացած է երկու երկիրներուն մէջ։
Էդուարդ Շարմազանովը նաեւ նշած է, որ այս տարուան ընթացքին Փեթերսպուրկի եւ Երեւանի մէջ միջոցառումներ պիտի կազմակերպուին ռուսական կայսրութեան ներքին գործոց նախարար, ռուս-թրքական պատերազմի հերոս, հայազգի հրամանատար Միխայիլ Լորիս-Մելիքովի յիշատակին։
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են նաեւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն առնչուող այլ հարցեր: