«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանականը կազմը բողոք պիտի ներկայացնէ Վճռաբեկ դատարան: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ Քոչարեանի պաշտպան Հայկ Ալումեանը նշեց, որ բողոք ներկայացնելու վերջնաժամկէտը կը լրանայ Օգոստոս 31-ին:
«Հաւանական է, որ բողոքը Օգոստոս 30-31 ներկայացնենք: Բողոք ներկայացնելը, սակայն, անուամենայնիւ հաստատ է»,- ըսաւ Ալումեանը:
Ինչպէս աւելի կանուխ նշած էր Հայկ Ալումեանը, բողոքի նպատակը պիտի ըլլայ Վերաքննիչ դատարանին մէջ ներկայացուցած հիմնաւորումներէն եւս երկուքը այնտեղ քննարկման առարկայ դարձնելը:
Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններու կազմը աւելի կանուխ Վերաքննիչ դատարան ներկայացուցած էր կալանքէ ազատելու շարք մը հիմնաւորումներ, սակայն միայն անձի անձեռնմխելիութեան հիմքով զինքը կալանքէ ազատ արձակած են:
Օգոստոս 21-ին Ռոպերթ Քոչարեանը կալանքէ ազատ արձակելու վերաբերեալ Վերաքննիչ դատարանի որոշումին դէմ ՀՀ Գլխաւոր դատախազութեան ներկայացուցած բողոքը մուտքագրուած է Վճռաբեկ դատարան, որ եռամսեայ ժամկէտով կ’որոշէ վարոյթ ընդունիլ: ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը Օգոստոս 20-ին բողոք ներկայացուցած էր Վճռաբեկ դատարան` ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանքէ ազատ արձակելու ՀՀ վերաքննիչ դատարանի որոշումին դէմ: