«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վրաստանի մէջ Սեպտեմբեր 1-էն մինչեւ 11 տեղի կ’ունենան «Ճարպիկ ոգի» (Agile Spirit 2018) հրամանատարակազմային բազմազգ զօրավարժութիւնները: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ըսուած է երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Բազմազգ զինավարժանքները տեղի կ’ունենան Սենակի քաղաքին մէջ (Սամեկրելօ-Զեմօ Սվանեթի տարածաշրջան) Վրաստանի զինուած ուժերու երկրորդ հետեւակային միաւորումի տարածքին: Անոնք տեղի կ’ունենան ԱՄՆ-ի ծովային հետեւակայիններու զօրակազմի եւրոպական հրամանատարութեան եւ Վրաստանի զինուած ուժերու ղեկավարութեամբ: Ընթացիկ տարուան զօրավարժութիւններուն, բացի Վրաստանէն, կը մասնակցին աշխարհի ինը երկիրներու՝ ԱՄՆ-ի, Պուլկարիոյ, Ռումինիոյ, Լաթվիոյ, Յունաստանի, Ուքրանիոյ, Թուրքիոյ, Չեխիոյ եւ Էսթոնիայի զինուորականներ, մինչդեռ 2017 թուականի Սեպտեմբերին զօրավարժութիւններուն մասնակցած էր եօթը երկիր:
Զօրավարժութիւնները տեղի կ’ունենան JCATS/MTWS համակարգչային համակարգերու միջոցով՝ առանց անձնակազմի ներգրաւման: Ինչպէս կը նշէ «Sputnik»-ը, «Ճարպիկ ոգին», որ 2011 թուականէն տեղի կ’ունենայ ամէն տարի, ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի հետ Վրաստանի համագործակցութեան բաղադրիչներէն մէկն է: