Լիբանանեան «Ո՞ւր է պետութիւնը» էջը յայտնած է, որ Պաալպէքի Տուրս աւանին մէջ Ղասսան Զաայթէր անունով անձը խումբ մը զինեալներու հետ կրակ արձակած են Ներքին անվտանգութեան ուժերու աշխատակիցներէն Մահտի Մշէյքի բնակարանին ուղղութեամբ:
Կրակոցներու հետեւանքով կրծքավանդակի ծանր վիրաւորում ստացած է այդ պահուն հօր հետ հօրեղբօր տունը այցելած 5-ամեայ Հանատի Մշէյք:
Հանատի անմիջապէս հիւանդանոց տեղափոխուելով վերակենդանացման բաժին ընդունուած է, սակայն զինեալ յարձակում գործողներէն ոեւէ մէկը չէ ձերբակալուած, կը գրէ աղբիւրը: