Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնը Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Կը Պահանջէ Վերանայիլ Հպատակագրութեան Հրամանագիրը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատուիրակութիւնը երկրորդ անգամ ըլլալով բողոք ներկայացուց Շուրա դատարանին հպատակագրութեան խնդրայարոյց հրամանագիրը վերանայելու հայցով: Այս մասին Հինգշաբթի հաղորդեց ազգային լրատուական գործակալութիւնը:
Բաց աստի, պատուիրակութիւնը ներքին գործոց նախարարութենէն կը պահանջէ նկատի առնել ընդհանուր անվտանգութեան հիմնաւորումները, որոնք հարցադրումի տակ կը դնեն հրամանագիրի լիարժէքութիւնը:
Հրամանագիրը, որ լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհեց շուրջ 400 անձի, հրապարակայնացուած կարգավիճակ ունեցաւ Մայիսի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք: Ի հետեւումն՝ երկրի տարածքին ծայր առին տարակարծութիւններ հրամանագիրի թաքուն ձեւաւորման եւ բովանդակութեան պատճառով:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին