«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ի տես այն հաղորդումներուն, որ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի յառաջիկայ օրերուն նախագահ Միշէլ Աունին պիտի ներկայացնէ նախարարական պաշտօնէութեան ցանկը՝ Հինգշաբթի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պաշտօնատարները շեշտեցին, որ կուսակցութեան հիմնաւոր իրաւունքն է նախարարական գլխաւոր պաշտօններ ձեռք ձգել նոր կառավարութեան մէջ: