«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, որ երկու մասնաճիւղեր ունէր Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ՝ Լոս Անճելըսի եւ Կլենտէյլ-Փասատինայի, երրորդ մասնաճիւղի մը ծնունդը կը փոխանցէ հաղորդագրութեամբ մը։
Օգոստոս 23-ին տեղի ունեցած է Մեծագոյն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին վարչութեան անդրանիկ հանդիպումը հետեւեալ կազմով. Քարլ Պարտաքեան՝ ատենապետ, Ալեքսան Կիրակոսեան՝ փոխատենապետ, Շահնուր Յովսէփեան՝ գանձապահ, Արմանտ Եարճանեան՝ ատենադպիր, Թալին Պապայեան՝ կապի պատասխանատու, Մարալ Գոճայեան-Պէյլէրեան, Թալին Խաչիկեան, Արմէն Թումաճան, Միհրան Թումաճան եւ Առնօ Երէցեան։
Վարչութեան առաջին հանդիպումին ներկայ գտնուած են ԹՄՄ-ի ԱՄՆի եւ Քանատայի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Երուանդ Ազատեան Տիթրոյթէն, նոյն վարչութեան անդամ Փանիկ Քէշիշեան, քարտուղար Արամ Արքուն Պոսթոնէն, Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ատենապետ Բարսեղ Գարթալեան։ Անոնք իրենց բարեմաղթանքները փոխանցած են նոր վարչութեան։