«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազրպէյճանը Տեն Պիլզերեանի Նկատմամբ Միջազգային Հետախուզում Յայտարարելու Նպատակով Դիմած Է «Ինթերփոլ»-ին
Ազրպէյճանի մէջ չեն կրցած անտարբեր մնալ ամերիկահայ միլիոնատէր, «Ինսթակրամ»-ի աստղ Տեն Պիլզերեանի` Հայաստան, այնուհետեւ Արցախի Հանրապետութիւն կատարած այցերուն առթիւ: Երկրի գլխաւոր դատախազութեան քննչական վարչութիւնը քրէական գործ յարուցած է Պիլզերեանի նկատմամբ: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը յայտնէ Ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Պաշտօնական Պաքուն մեղադրանք ներկայացուցած է ամերիկահայ աստղին Արցախ այցելելու համար: Ազրպէյճանէն դիմում ուղարկուած է «Ինթերփոլ»՝ Պիլզերեանի նկատմամբ միջազգային հետախուզում սկսելու նպատակով:
Ուշագրաւ է, որ դատախազութեան որոշումը կը հակասէ աւելի կանուխ Ազրպէյճանի ԱԳՆ խօսնակ Հիքմեթ Հաճիեւի յայտարարութեան: Ան նշած էր, որ անհրաժեշտ չի համարեր այցը առհասարակ մեկնաբանել, քանի որ անիկա «անլուրջ բնոյթ ունի»:
Ամերիկահայ միլիոնատէր Տեն Պիլզերեան Օգոստոս 27-29-ին հօր եւ եղբօր՝ Ադամի հետ այցելած է Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններ: Օգոստոս 28-ին Պիլզերեան եղբայրներուն շնորհուած է ՀՀ քաղաքացիութիւն: Այնուհետեւ Պիլզերեանները մեկնած էին Արցախի Հանրապետութիւն: