Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

Պատահականութի՞ւն, ԹԷ Մտահոգիչ Երեւոյթ

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վերջերս բոլորին նման ես ալ հետեւեալ լուրին իրահասու եղայ.

«Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան աշխատակիցները հայ-թրքական սահմանը ապօրինի հատած երկու անձ ձերբակալած են: Ծառայութեան ընթացքին սահմանապահ հերթափոխը Թուրքիոյ տարածքին նկատած է երկու անյայտ անձ, որոնք փորձած են լողալով անցնիլ Արաքս գետը:

Քանի մը ժամ անց անյայտ անձինք հատած են պետական սահմանը եւ փորձած թաքնուիլ Հայաստանի տարածքին մէջ: Ռուս սահմանապահները հետապնդած են սահմանախախտները եւ ձերբակալած:  Ձերբակալման ընթացքին սահմանախախտները փորձած են դիմադրել, սակայն սահմանապահները կրցած են չէզոքացնել զանոնք:

Հարցաքննութենէ ետք պարզ դարձած է, որ սահմանախախտները Փաքիստանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացիներ են:

Օրէնսդրական կարգի համաձայն` սահմանախախտները փոխանցուած են Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն, որոնք պիտի պարզեն անոնց հայ-թրքական սահմանը խախտելու  նպատակները»:

Աւելի ուշ իմացայ, որ յետհետաքննութեան պարզուած է, որ տուեալ սահմանախատները նպատակ ունէին Հայաստանի վրայէն Եւրոպա հասնիլ:

Այսքանը կարելի էր, որպէս պատահական լուր ընկալել, սակայն եթէ նկատի ունենանք, այն փաստը, որ միայն վերջին Օգոստոս ամսուայ ընթացքին, այս 5-րդ նոյնօրինակ դէպքն է, որ կը պատահի…կարելի՞ է այլեւս բարեմտութեամբ մը այս վիճակը պատահականութեան վերագրել, թէ անոր հետ պէտք է վերաբերիլ, որպէս երեւոյթ եւ այն ալ խիստ վտանգաւոր տեսակէն:

Դէպի Եւրոպա ելք փնտրող փախստական գաղթականները, թէ ազերիական կեղծ անձագիր կրող ահաբեկիչ վարձկանները (տեղին է նշել, որ վերոյիշեալ սահմանախախտներէն եւ ո՛չ մէկը նոյնիսկ թուրք կամ ազերի էր) Թուրքիայէն գալով ինչո՞ ւ Հայաստանի վրայով է եղեր, որ Եւրոպա ելք կը փնտրեն…:

Միջին արեւելքցիի դառն փորձարութեամբ լեցուն ուղեղս ի տես այս երեւոյթին, տարբեր բանի հոտ կ’առնէ սիրելի ընթերցող: Դո՛ւն ի՞նչ կ’ըսես:

Կը մնայ հայրենի պատկան մարմիններուն յիշեցնել մեր փորձը ահաբեկիչներու հետ եւ յոյս յայտնել, որ անոնք ալ նոյն տեսանկիւնէն մեկնաբանեն երեւոյթը, որպէսզի ապահով ու խաղաղ մնայ մեր սիրելի հայրենիքը՝ Հայաստանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին