Երէկ առաւօտ՝ Չորեքշաբթի, 29 Օգոստոս 2018-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ տիար Բակօ Սահակեանի հետ։
Վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս վերահաստատեց իր ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ամրապնդման ձգտող բոլոր աշխատանքներուն եւ նոյն այդ աշխատանքներուն նուիրուած Արցախի նախագահին։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ամրապնդումը ճակատագրական նշանակութիւն ունի Հայաստանին ու ազգային պահանջատիրութեան համար։ Հետեաւաբար, բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ ու աչալրջութեամբ անհրաժեշտ է հետեւիլ Արցախին ու ընդհանրապէս շրջանին առնչուած քաղաքական, զինուորական ու տնտեսական զարգացումներուն։