«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութիւնը նոր մանրամասնութիւններ փոխանցած է վճռաբեկ դատարանի նախկին նախագահ Արման Մկրտումեանի դէմ տեղի ունեցած աւազակային յարձակումին մասին:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ ոստիկանութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Օգոստոս 28-ին՝ ժամը 23:00-ին, 1988-ի ծնունդ Գոռ Մ.-ն ոստիկանութեան Կոտայքի բաժինին մէջ հաղորդում տուած է, որ նոյն օրը՝ ժամը 22:00-ի սահմաններուն, Ձորաղբիւր գիւղին մէջ իրեն պատկանող առանձնատունը ներխուժած են դիմակաւորուած եւ զինուած 3 անձեր:
Գոռ Մ.-ն եւ հայրը դիմադրութիւն ցոյց տուած են առանձնատուն խուժած անձերուն, որուն ընթացքին ինքն իր անունով հաշուառուած «Ուալթեր» մոտելի կազային ատրճանակով վնասազերծած է յարձակողներէն մէկը, որուն ձեռքին եղած է ինքնաձիգ, միւս երկուքը դիմած են փախուստի:
Դէպքի վայր ժամանած ռազմական խումբը պարզած է, որ նոյն օրը՝ ժամը 22:00-ի սահմաններուն, Կիւմրիի բնակիչ, 1976-ի ծնունդ Հ. Ռիժենքօն եւ տակաւին չպարզուած երկու անձինք զինուած ինքնաձիգներով մուտք գործած են յիշեալ տունը, ուր Գոռ Մ.-ն հօր հետ դիմադրութիւն ցոյց տուած է ինքնաձիգով զինուած Հ. Ռիժենքոյին, որմէ ետք չպարզուած երկու անձերը անկանոն կրակոցներ արձակած են ու դիմած փախուստի:
Դէպքի վայրի զննութեամբ տան բակէն յայտնաբերուած է 16 հատ 7,62 տ/չ պարկուճ, «ԱԿՄ» տիպի ինքնաձիգ, ինչպէս նաեւ պայուսակ, որուն մէջ եղած է կպչուն ժապաւէն:
Հ. Ռիժենքօն ձերբակալուած է:
Կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ միջոցառումներու յանցագործութիւն կատարած 2 անձերու ինքնութիւնը պարզելու եւ յայտնաբերելու ուղղութեամբ: Հանգամանքները կը պարզուին: Կը կատարուի նախաքննութիւն: