«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ քննչական կոմիտէի Կոտայքի մարզային քննչական վարչութեան մէջ յարուցուած է քրէական գործ՝ Ձորաղբիւրի մէջ տեղի ունեցած աւազակային յարձակումին առիթով։ Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ քննչական կոմիտէի գերատեսչութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:
Նախնական տուեալներով՝ 2018 թուականի Օգոստոս 28-ին՝ ժամը 22:00-ի սահմաններուն, ՀՀ Կոտայքի մարզի Ձորաղբիւր գիւղը գտնուող՝ ՀՀ վճռաբեկ դատարանի նախկին նախագահ Արման Մկրտումեանի առանձնատան տարածքը մուտք գործած են դիմակաւորուած ու զինուած 3 անձ։ Տանտէրերու ցուցաբերած դիմադրութեան շնորհիւ ենթադրեալ յանցագործութիւն կատարած անձերէն մէկը վնասազերծուած է, միւս երկուքը, ինքնաձիգէն անկանոն կրակոցներ արձակելով, դիմած են փախուստի։ Դէպքի պահուն տունը եղած են Արման Մկրտումեանը եւ իր ընտանիքի անդամները։
Դէպքին առթիւ ՀՀ քննչական կոմիտէի Կոտայքի մարզային քննչական վարչութեան Աբովեանի քննչական բաժինին մէջ յարուցուած է քրէական գործ՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 175-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին, 3-րդ եւ 4-րդ կէտերով, ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 235-րդ յօդուածի 1-ին մասով։ Մէկ անձ ձերբակալուած է։
Դէպքի վայրի զննութեամբ յայտնաբերուած եւ առգրաւուած է 20 պարկուճ, մէկ ինքնաձիգ՝ լիցքաւորուած փամփուշտներով։ Նախնական տուեալներով՝ նշուած ինքնաձիգը եղած է վնասազերծուած ենթադրեալ յանցագործութիւն կատարած անձի մօտ։
Առգրաւուած են տուժողի տան տարածքին գործող անվտանգութեան տեսախցիկներու տեսագրութիւնները։
Մշակուած է քննչական ծրագիր, եւ ոստիկանութեան համապատասխան ստորաբաժանումներուն հետ համատեղ կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ բոլոր գործողութիւններուն՝ դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու, կատարուած աւազակային առերեւոյթ յարձակումին մասնակցութիւն ունեցած միւս անձերը յայտնաբերելու ուղղութեամբ։ Նշանակուած են փորձաքննութիւններ։