Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գնահատելի Տարեկան Բանակումը

Սկաուտական կեանքի  ամենահաճելի պահերը անկասկած   տարեկան մեծ  բանակումը եւ անոր յաջորդող  խարուկահանդէսի արարողութիւններն են:  

ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի  խմբապետական կազմերը եւ  բարձրագոյն խմբակները,   Հինգշաբթի,  2 Օգոստոս  2018-ին, Զապէլ Մովսէսեան  կեդրոնէն մեկնեցան   այս տարուան   բանակումին  վայրը՝  Ռաս Էլ Մեթն:  Բոլորը միասնաբար, հաւաքական աշխատանքով  պատրաստեցին բանակավայրին կայմը, խոհանոցը, ապահովեցին բանակավայրին  լուսաւորութինը,  լարեցին վրանները  եւ  լուծեցին յարակից այլ   հարցեր:

Ուրբաթ,  10 Օգոստոս  2018-ի երեկոյան,  բանակավայր այցելեց  Լիբանանի  մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  արտակարգ եւ   լիազօր դեսպան տիար Սամուէլ Մկրտչեանը, որ  նախապէս  պատրաստակամութիւն  յայտնած էր  գիշերելու սկաուտներուն  հետ, վայելելու   չքնաղ  բնութիւնը եւ սկաուտական առօրեայի  ընկերային  ջերմ  մթնոլորտը:

Դեսպանը դիմաւորեցին   ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ  Վիգէն Չերչեանը, եւ անդամներ՝ Արթուր  Գունտաքճեանը, Յակոբ Թելվիզեանը, Գէորգ Սանթուրեանը, ՀԵԸ  Անդրանիկ Սեւանի  Գործադիր  Մարմինի ատենապետ տոքթ  Վարուժան  Մարկոսեանը,ՀԲԸՄ-ՀԵԸ  Վեթերան  սկաուտներու  համախմբումը, ատենապետուհի Մայտա  Քիւրեճեանի գլխաւորութեամբ   եւ այլ  վարչականներ: 

Դեսպանին այցելութիւնը  իւրայատուկ էր այն իմաստով, որ առաջին անգամ ըլլալով դիւանագիտական  ընտանիքի անդամ մը  կ’այցելէր   եւ   կը գիշերէր  բանակավայրին մէջ: Դեսպանը  ՀԵԸ-ի  սկաուտական  տարազով շրջեցաւ բանակավայրը,  եւ   զրուցեց  սկաուտներուն հետ  եւ մասնակցեցաւ  կրակի  շուրջ «վէյէ»ին: Այս առիթով,   Վիգէն Չերչեան,  ՅԱկոբ Թելվիզեան եւ  Գէորգ Սանթուրեան  շնորհակալութիւն յայտնեցին դեսպանին:Դեսպանը խօսքը ուղելով սկաուտներուն ըսաւ. «Սկաուտ լինելը   յանձնառութիւն  է ողջ կյանքի համար: Ով դարձել է սկաուտ, երբեք չի դադարում լինել սկաուտ: Եւ  երբեք ուշ չէ սկաուտների  շարքերին  միանալու համար»:  Ան յաջողութիւն մաղթեց  ՀԵԸ-ի  սկաուտական շարժումին:

Դեսպանին այցելութեան առիթով,  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի  ծնողաց վարչութիւնը կազմակերպեց  ընթրիք:    

   Բանակավայրին  առօրեայն  ճոխ  է  տեսակաւոր յայտագիրներով: ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի  արծուիկները արշաւ մը կազմակերպեցին  բանակավայրին մօտակայ   գիւղերը: Գայլիկները  եւ արենուշները  նոյնպէս: Սկաուտները երեք խումբերու  բաժնուելով   տարբեր ուղղութիւններով արշաւելով  ծանօթացան   տարբեր գիւղերու բնակիչներուն,  յիշարժան վայրերուն:

Սկաուտական   բոլոր խումբերը  կազմակերպեցին երդման արարողութիւններ:

 Երեկոյները   բանակավայրին մէջ տեղի կ’ունենային  խմբային  խաղեր, երգեր,  խմբային զրոյցներ:

Կիրակի,  19  Օգոստոս  2018-ին,   խարուկահանդէսի օրը,   բանակավայր  ժամանած էին, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը եւ  անդամներ, SDL-ի եւ  AEL-ի ներկայացուցիչներ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի   Գործադիր   Մարմիններու վարչութիւնները, ՀԵԸ-ի Վեթերան սկաուտական  համախմբումի վարչութիւնը, ծնողաց եւ այլ վարչութիւններու  անդամներ, միութենականներ,  հիւրեր,  ծնողներ, հոծ թիւով   ներկաներ:

Բանակումի կայմին վրայ  կը  ծածանէին  Լիբանանի, Հայաստանի, «Սքութ տիւ Լիպանի», ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի դրօշները:

ՀԵԸ  Անդրանիկ  փողերախումբին  կատարողութեամբ  կայմին առջեւ  տողանցելով   իրենց  տեղերը հերթաբար   գրաւեցին ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի թիթեռները,  խմբապետուհի՝ քոյր  Սթեֆանի  Քոթահլեանի գլխաւորութեամբ:

Գայլիկները, խմբապետուհի՝ քոյր  Միրէյ  Թօսունեանի  եւ փոխխմբապետուհի՝ Միրէլլա Նիկոլեանի գլխաւորութեամբ:

Արծուիկները,   խմբապետուհի՝ քոյր   Լուչիանա Գարապաճաքեանի  եւ փոխխմբապետուհի՝  քոյր  Գարմէն Գրաճեանի գլխաւորութեամբ:

Սկաուտները, խմբապետ՝ եղբ. Ժիրայր Թօսունեանի գլխաւորութեամբ:

Արենուշները  ընդհանուր  խմբապետուհի՝  քոյր Զենա Քարամ,  փոխխմբապետուհի՝ քոյր Սոֆի  Պչաքճեանի գլխաւորութեամբ:

Քառավելները, խմբապետուհի՝  քոյր Գալին Առաքելեանի,փոխխմբապետուհի՝ քոյր Ալին Սէֆէրեանի գլխաւորութեամբ:

Երէցները,  ընդհանուր խմբապետ՝  եղբ. Համբիկ Սեմերճեանի,փոխխմբապետ՝  եղբ.  Ժիրօ  Աունի գլխաւորութեամբ:

Սկաուտական շարժումի ընդհանուր խմբապետ՝ եղբ. Կարեն  Պասմաճեանը:

Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի  քայլերգներու  յոտնկայս  ունկնդրութենէն   ետք,  Սկաուտ    Կարօ  Թաշճեան ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի  սկաուտական շարժումի անունով   բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:

Քառավել Գարմէն Քոթահալեան արաբերէնով խօսք առաւ ,  շնորհակալութիւն  յայտնեց Ռաս էլ Մեթնի  քաղաքապետութեան, բանակավայրը  սիրայօժար տրամադրելու   համար:

ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի  Գործադիր  Մարմինի   ատենապետ տօքթ  Վարուժան Մարկոսեան   դիտել տուաւ,  որ  բանակումը կարեւոր հանգրուան մըն է  թիթեռական, արծուիկական, գայլիկական,սկաուտական, արենուշական, քառավելական եւ երէցական  խումբերուն  համար, որոնք   իրենց խմբապետական  կազմերու առաջնորդութեամբ գործի դրին տարուան  ընթացքին սորված գիտելիքները: 

ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան  իր  խօսքին մէջ ընդգծեց, թէ   հայեցի դաստիարակութիւնը  եղած  է ու կը մնայ  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական  շարժումին նշանաբանը, աւելցնելով, որ  տարուան  մը գործունէութեան ամենայիշատակելի պահն է խարուկահանդէսը:

Վիգէն Չերչեան,   ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անունով շնորհաւորեց  ՀԵԸ  Անդրանիկ Սեւանի  ժրաջան  յանձնախումբերը,  նուիրեալ միութենականները,  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր  Մարմինը, սկաուտական  շարժումը, անոր   ընդհանուր խմբապետը, , մնացեալբոլոր խմբապետ-խմբապետուհիները, խմբապետական  կազմի անդամները, սկաուտական  Ծնողաց  Վարչութիւնը, սկաուտական վարչութիւնը, որոնց հոգատարութեան   եւ անսակարկ զօրակցութեան տակ  ՀԵԸ  Անդրանիկ Սեւան կը  ծաւալէ  գնահատելի աշխատանք: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց  Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ  լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին,   բանակավայր այցելութեան համար, ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին եւ  SGBL դրամատան տնօրէնութեան:  Ատենապետը իր խօսքը  փակեց մաղթելով   դառնալ  մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի, դէպի նորանոր յաղթանակներ:

 

ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան,  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր  Յակոբ Թելվիզեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինի ատենապետ տոքթ. Վարուժան  Մարկոսեան, եւ Քոմիսէր  Փերուզ  Թիւթիւնճեան  հրաւիրուեցան  վարելու խարոյկը:

Հոգեպարար այս   արարողութեան միջոցին գործադրուեցաւ  գեղարուեստական  յայտագիր:

 

ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումը   տարեկան   բանակումին  առիթով ընտրած էր  «Դէպի Ու՞ր» բնաբանը:  Նաւու տեսքով պատրաստուած, ՀԵԸ-ի դրօշին  կարմիր եւ կապոյտ գոյները ցոլացնող   կայմը  իր նաւավարով եւ նաւաստիներով  պիտի  թիաւարէր   դէպի նոր մարտահրաւէրներ:Դէպի Ու՞ր, կը խորհրդանշէ  ալիքներու    ընդմէջէն   թիաւարող նաւը, որուն  նաւապետը եւ նաւաստիները անկոտրում կամքով  կը յաղթահարեն  բոլոր  դժուարութիւները եւ ապահով  տեղ կը  հասցնեն նաւն ու անոր  ճամբորդները:

Միտք   բանին այս   բնաբանին,  կեանքի դժուարութիւնները հաւաքական կամքով յաղթահարելու կոչ  մըն էր, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական շարժումէն:

ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի դրօշներով   զարդարուած նաւըթիաւարեց   տարբեր երկիրներ, ծանօթացնելով  անոնց մշակոյթը: Նաւը   հերթաբար այցելեց  Արժանթին, Եգիպտոս,  Հնդկաստան, Անգլիա,  Հաուայեան կղզիներ,  Հայաստան, Չինաստան, ծանօթանալով աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ  գործող սկաուտական  շարժումներուն, տուեալ երկիրներու մշակոյթին:  Այս  միջոցին, ՀԵԸ  Անդրանիկ Սեւանի  սկաուտներ ներկայացուցին տուեալ երկիրներու    մշակոյթը արտայայտող   պարեր:

Ներկաները  միաժամանակ  մեծ  պաստառի վրայ  հետեւեցան ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի անցնող  սկաուտական եղանակի կարեւոր  գործունէութիւնները խտացնող    տեսաերիզ մը: Ծովագնացութեան աւարտին,    նաւը  վերադարձաւ  Լիբանան:

 Խանդավառ այս մթնոլորտին մէջ  տեղի ունեցան սրտաբուխ   նուիրատուութիւններ:  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինը  շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն միութենականներուն, հաստատութիւններուն  եւ անհատներուն որոնք   զանազան միջոցներով    սատարած էին    բանակումին  յաջողութեան:

Խարուկահանդէսին  փակումը կատարուեցաւ խմբային՝  «Ցտեսութեան  Երգ»ով:

Գնահատելի աշխատանք:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին