Շաբաթ, 09. 12. 2023

spot_img

Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ Իսթամպուլահայ Լուսանկարիչ Մուրատ Էզերի Լուսանկարներու Անհատական Ցուցահանդէսը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Օգոստոս 28-ին Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի ցուցասրահին մէջ բացուեցաւ իսթամպուլահայ լուսանկարիչ Մուրատ Էզերի «Իսթամպուլի հայերը» խորագրով անհատական ցուցահանդէսը:

Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի ողջոյնի խօսքը փոխանցեց նախարարի օգնական Վաղարշակ Յակոբեանը: Շնորհաւորելով սփիւռքահայ արուեստագէտը մշակութային կարեւոր իրադարձութեան առթիւ՝ ան մասնաւորապէս նշեց. «Պարոն Էզերը առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կը գտնուի եւ հայ հանրութեան կը ներկայանայ իր լաւագոյն գործերով։ Այսօրուան ցուցահանդէսը իր բնոյթով փաստագրական է եւ ունի պատմական նշանակութիւն։ Շրջելով ամբողջ Անատոլիան՝ պարոն Էզերը լուսանկարած է հայկական բնակավայրերը՝ անոնց մէջ դնելով իր սիրտն ու ջերմ սէրը: Ան յաջողած է ստեղծել աննախադէպօրէն խօսուն այս լուսանկարները, որոնք տպագրուած են Իսթամպուլի «Փարոս» եւ «Մարմարա» պարբերականներուն մէջ, որոնց աշխատակցած է ան, եւ որոնց գերակշիռ մէկ մասը այսօր կը ցուցադրուի այստեղ։ Ըլլալով համայնքային կեանքի աշխոյժ մասնակից՝ տաղանդաշատ լուսանկարիչը ստեղծած է Իսթամպուլի յայտնի հայերու եւ հայկական համայնքի լուսանկարային պատմութիւնը։ Իր խցիկը «որսած» է համայնքային կեանքը արտացողող դէպքեր, անուանի գործիչներու դիմապատկերներ եւ անկիւնաքարային միջոցառումներ, որոնք հետագային տեղ գտած են իր հեղինակած «Իսթամպուլի հայերը» պատկերագիրքին մէջ: Անիկա վստահաբար պիտի համալրէ Իսթամպուլի հայկական համայնքի հայապահպան գոր­ծունէութեան համայնապատկերը, պիտի դառնայ իր ինքնատիպ էջերէն մէկը եւ անպայման պիտի փոխանցուի սերունդներուն՝ որպէս իրական պատմութիւն: Այս ամէնուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ պարոն Էզերին եւ կը մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ արուեստի այս բնագաւառին մէջ»:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Թէքէեան» կեդրոնի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանը: «Այս անհատական ցուցահանդէսը իւրայատուկ է անով, որ կը ներկայացնէ պոլսահայ կեանքը եւ մտաւորականները: Պոլիսը մօտիկ է եւ հեռու, չբացայայտուած է հայաստանցիներուն համար: Միշտ պատրաստ ենք հիւրընկալելու սփիւռքահայ արուեստագէտները: Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ ու շնորհակալութիւն կը յայտնեմ սփիւռքի նախարարութեան ու պարոն Էզերին՝ մեզի հետ համագործակցելու համար»:

Պարոն Էզերը շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի բոլոր կազմակերպիչներուն եւ հովանաւորներուն՝ իր աշխատանքները Հայաստանի մէջ ցուցադրելու հնարաւորութիւն ընձեռնելու, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատելու եւ արժեւորելու համար:

Մուրատ Էզերը ծնած է Պաթմանի շրջանի Պարընչ գիւղը, դառն ճակատագիրի բերումով տեղափոխուած է Իսթամպուլ, սորված է Գարակէօզեան մանկատունը, այնուհետեւ Սուրբ Խաչ Դպրեվանք հայկական վարժարանը: 32 երկար ու ձիգ տարիներ աշխատած է Իսթամպուլի Փակ շուկային մէջ՝ որպէս օդորակիչ մեքենայի վարպետ, մինչեւ օր մը ձեռքը վերցուցած է լուսանկարչական խցիկն ու սկսած ստեղծագործական ուղին: 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին