«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱԺ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովը Փաշինեան-Պապլոյեան զրոյցը կը կարեւորէ անով, որ անիկա անգամ մը եւս ցոյց տուաւ՝ ԱԺ-ը կառավարութեան կցորդը չէ:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ Շարմազանովը նման տեսակէտ յայտնեց լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցի ժամանակ:
«Փաշինեան-Պապլոյեան հանդիպումը կարեւոր էր ոչ թէ մէկ տարուան խօսակցութեամբ, այլ անով, որ անգամ մը եւս ի ցոյց դրուեցաւ, որ ԱԺ-ը ոչ թէ ՀՀ կառավարութեան կցորդն է, այլ օրէնսդիր մարմին, իշխանութեան առանձին ճիւղ: ԱԺ-ը կառավարութեան գործընկերն է, բայց ոչ երբեք կցորդը: Մենք ունինք մեր օրակարգը»,- ըսաւ Շարմազանովը:
ԱԺ փոխխօսնակի խօսքով՝ իրենք պատրաստ են երկխօսութեան, պատրաստ են նաեւ որեւէ հարցի շուրջ բանակցելու կառավարութեան իրենց գործընկերներուն հետ: