Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

ՀՀԿ-ը Քաղաքապետի Յառաջիկայ Ընտրութիւններուն Թեկնածու Պիտի Չառաջադրէ. Շարմազանով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երեւանի աւագանիի յառաջիկայ ընտրութիւններուն ՀՀԿ-ը քաղաքապետի թեկնածու պիտի չառաջադրէ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովը այս մասին ըսաւ լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցի ժամանակ: Շարմազանովը այդ մէկը հիմնաւորեց շարք մը հանգամանքներով, նախ եւ առաջ անով, որ իրենք յետյեղափոխական իրավիճակին մէջ արտաքին եւ ներքին աւելի կարեւոր հարցեր կը տեսնեն, քան ՏԻՄ ընտրութիւնները:

«Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մեր չմասնակցիլը պայմանաւորուած է շարք մը հանգամանքներով, նախ եւ առաջ անով, որ Հայաստանի մէջ այսօր յետիշխանափոխական իրավիճակ է, հիմնական թատերաբեմը ԱԺ-ն է, եւ արտաքին ու ներքին աւելի կարեւոր մարտահրաւէրներ կան Հայաստանի համար, քան ՏԻՄ ընտրութիւնները,- ըսաւ Շարմազանովը եւ աւելցուց:- Քաղաքական գործիչները իրադարձութեան փոփոխութեան պայմաններուն մէջ կրնան փոխել իրենց կարծիքը: Հիմա թերեւս քաղաքական դաշտին վրայ աւելի լուրջ հարցեր կան, քան ՏԻՄ ընտրութիւնները»,- ըսաւ ան:  ԱԺ նախագահի տեղակալը յայտնեց նաեւ, որ կուսակցութեան մէջ տակաւին չեն քննարկած, թէ որո՛ւն պիտի սատարեն յառաջիկայ ընտրութիւններուն:

Անդրադառնալով ԱԺ ընտրութիւններուն մասնակցութեան` Շարմազանովը նշեց, որ եթէ ՀՀԿ-ը չմասնակցի անոնց, ապա «պէտք է մեծ կողպէք մը դնէ դրան վրայ եւ փակուի»: «ՀՀԿ-ը ստեղծուած չէ, որ թէկուզ իշխանափոխութենէն ետք, չմասնակցի ԱԺ ընտրութիւններուն»,- եզրափակեց Էդուարդ Շարմազանովը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին