Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Հարիրի Կ’արձագանգէ Կառավարութեան Կազմաւորման Երկարաձգման Կապակցութեամբ Յարուցուած Քննադատութիւններուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի Երեքշաբթի արձագանգեց այն յերիւրածոյ բամբասանքներուն, ըստ որոնց՝ մեծ հաւանականութիւն կայ վարչապետի պաշտօնանկութեան, եթէ վերջինս չկարենայ շուտով ի կատար ածել կառավարութեան կազմաւորումը: Վարչապետը ընդգծեց, որ ոչինչով կ’երաշխաւորուի կառավարութան կազմաւորման ժամկէտը՝ բացի սահմանադրութենէն: Այս մասին վարչապետը ըսաւ իր նստավայրին մէջ Մուսթաքպալ պլոքի հետ հանդիպումէն ետք:
Հարիրի դիտել տուաւ, որ կառավարութեան կազմաւորման երկարաձգման կարեւորագոյն մեխը կարգ մը կուսակցութեանց պահանջած ներկայացուցչութեան բաժնեմասն է նախարարաց նոր խորհուրդին մէջ»: Ան աւելցուց, որ ինքը եւ նախագահ Միշէլ Աունը Երեքշաբթի պայմանաւորուեցան հանդիպիլ, երբ Հարիրի զանազան կողմերու հետ յաւելեալ քննարկումներ ունենայ նախարարական պաշտօնատուութեան շուրջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին