«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գերմանիան շահագրգռուած է ՀՀ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատմամբ եւ պատրաստ է քաղաքական պատասխանատուութիւն ստանձնելու այս հարցի գծով:
«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Օգոստոս 28-ին տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ընթացքին լրագրողներուն յայտնեց ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Աննա Նաղդալեանը:
«Գերմանիոյ վարչապետը Հայաստան կատարած այցի ընթացքին անգամ մը եւս վերահաստատած է, որ իրենք յանձնառու են արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Ան շեշտած է, որ կարգաւորումը պէտք է տեղի ունենայ այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, որուն պատրաստ ըլլան բոլոր կողմերը: Մերքելը նշած է նաեւ, որ իրենք պատրաստ են քաղաքական պատասխանատուութիւն ստանձնելու այս հարցի գծով»,- ըսաւ Նաղդալեանը:
ԱԳՆ մամուլի խօսնակի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի խօսքով` Մերքելը արցախեան խնդիրին անդրադարձած է նաեւ Պաքուի մէջ:
«Պաքուի մէջ, խօսելով այս հարցին շուրջ, Մերքելը նշած է, որ հակամարտութեան գօտիին մէջ ապրող մարդոց խնդիրներուն պէտք է իրական լուծումներ տրուին»,- ըսաւ Աննա Նաղդալեանը: