«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն Երեքշաբթի շնորհաւորանքներ յղեց Ընդհանուր անվտանգութեան պետ, գլխաւոր հրամանատար Ապպաս Իպրահիմին անվտանգութեան ուժերու 73-րդ տարեդարձին առթիւ:
Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ Իպրահիմի հետ հանդիպումի ընթացքին Աուն բարձր գնահատեց գործակալութեան ի գործ դրած ջանքերը, անոր անդամներուն կատարած զոհողութիւններն ու յանձնառած առաքելութիւնները: Այս մասին կը տեղեկանանք նախագահական գրասենեակի կատարած յայտարարութենէն:
Երկուշաբթի Ընդհանուր անվտանգութիւնը նշեց իր 73-րդ տարեդարձը: Իպրահիմի գլխաւորութեամբ միջոցառումը տեղի ունեցաւ «Ան որ մարտիրոսութեան կ’երթայ, կը յաղթականէ եւ երկիրը կը վերաշինէ» կարգախօսին տակ, ի ներկայութիւն ռազմական գործողութեանց ժամանակ զոհուած կամ վիրաւորուած անվտանգութեան ուժերու զինծառայողներու ընտանեկան պարագաներուն: