Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Ազրպէյճանի Պետական Պիւտճէն 3 Միլիառ Մանաթով Պիտի Նուազի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կը ծրագրէ մօտակայ երեք տարուան ընթացքին նուազեցնել պետական պիւտճէի ծաւալը: Այդ մէկը կը կանխատեսուի այդ երկրի նախագահի`«Ազրպէյճանի պետական պիւտճէի կառավարման վերաբերեալ միջին եւ երկար ժամկէտի համար ռազմավարութեան» հաստատման մասին հրամանագիրով, ըստ որուն՝ 2019 թուականին պետական պիւտճէի եկամուտները պէտք է կազմեն 18 միլիառ 790.7 մլն մանաթ, ծախսերը` 18 միլիառ 919.7 մլն մանաթ:

«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ 2018 թուականին այդ ցուցանիշները համապատասխանաբար եղած են 22 միլիառ 149 մլն մանաթ եւ 23 միլիառ 100 մլն մանաթ: Այդ փաստաթուղթով 2020 թուականին պետական պիւտճէի եկամուտները կը կանխատեսուին 19 միլիառ 128.5 մլն մանաթ, 2021 թուականին` 18 միլիառ 471.3 մլն մանաթ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին