Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Պատրաստ Եմ Սատարելու Քրիստոնէական Արժէքներու Եւ Աւանդական Ընտանիքի Պաշտպանութեան Ուղղուած Նախաձեռնութիւններուն. Էդուարդ Շարմազանով

ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանով Օգոստոս 27-ին ընդունած է Քրիստոնէական արժեհամակարգի ու աւանդական ընտանիքի պաշտպանութեան նախաձեռնութեան անդամներ Հայկ Նահապետեանը, Հայկ Այվազեանը եւ Կարինէ Եսայեանը:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալը, ողջունելով նախաձեռնութեան անդամները, ընդգծած է ազգային եւ քրիստոնէական արժէքներու պահպանութեան կարեւորութիւնը: «Այն հոգեւոր մարտահրաւէրները, որոնք ծառացած են մեր առջեւ, լուրջ վտանգ կը սպառնան ազգային արժէքներուն, ինքնութեան պահպանման: Մենք պատրաստ ենք սատարելու քրիստոնէական արժէքներու, աւանդական ընտանիքի պաշտպանութեան ձեր նախաձեռնութիւններուն»,- ըսած է Էդուարդ Շարմազանովը:

Քրիստոնէական արժեհամակարգի ու աւանդական ընտանիքի պաշտպանութեան նախաձեռնութեան համակարգող Հայկ Նահապետեանը նոյնպէս հաստատած է, որ հայ ժողովուրդի քրիստոնէական արժէքներուն, աշխարհաճանաչողութեան ու աշխարհընկալման, ընտանեկան աւանդական արժէքներուն առջեւ կան մարտահրաւէրներ, որոնց մէկ մասը այլեւս լուրջ սպառնալիքներ են: Ըստ Հայկ Նահապետեանի՝ այդ սպառնալիքները չէզոքացնելու վերջնական հարցի լուծումը իրաւական համապատասխան մօտեցումներու, օրէնքներու ամրագրումն է: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Էդուարդ Շարմազանովին աջակցութեան համար՝ ընդգծելով, որ վճռական եւ հետեւողական պիտի ըլլան: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին