«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի «Աջակցութիւն հայ դպրոցին» ծրագիրի ծիրէն ներս Հայաստանի եւ Արցախի թէքէեանցի 69 աշակերտ իրենց ամառնային հանգիստը վայելեցին Հանքաւանի գեղատեսիլ բնութեան գիրկը: Հիմնադրամի այս ծրագիրը կ’իրականացուի արդէն ինը տարի անընդմէջ եւ կը նպաստէ մեր երկրի տարբեր անկիւններ բնակող երեխաներու մերձեցման, անոնց մտաւոր, ֆիզիքական, անհատական զարգացման: Առ այսօր ճամբարի ծրագիրին մէջ ընդգրկուած է 614 մասնակից, մասնաւորապէս գերազանց առաջադիմութիւն ունեցող, հասարակականօրէն անապահով եւ բազմազաւակ ընտանիքներու երեխաներ Երեւանէն, Կիւմրիէն, Ստեփանաւանէն, Կարբիէն եւ Բերձորէն:
Այս տարի նոյնպէս «Արագած» ճամբարը մեծ սիրով ու ջերմութեամբ հիւրընկալեց թէքէեանցիները, որոնք իրենց մանկավարժներուն եւ ճամբարի ջոկատավարներուն համատեղ աշխատանքին շնորհիւ ունեցան հետաքրքրական ու բովանդակային առօրեայ՝ յագեցած մարզական եւ մշակութային միջոցառումներով:
Թէքէեանցիները ամենաաշխոյժ մասնակցութիւնը ունեցան ուսուցանող խաղերուն, գիտակներու մրցոյթներուն, դաստիարակչական տարբեր թեմաներով զրոյցներուն եւ պարգեւատրուեցան գաւաթներով ու շնորհակալագիրերով: Երեխաներուն ուսուցանեցին նաեւ ազգային երգ ու պար, այցելեցին յիշարժան վայրեր:
Հանգիստի վերջին օրը վառուեցաւ հրաժեշտի աւանդական խարոյկը: Բաժանումը յուզիչ էր` լի արցունքներով եւ ջերմ խօսքերով: Դժուար էր հեռանալ մտերիմ ընկերներէ, հարազատ դարձած «Արագած»-էն, որ զանոնք պարգեւեց անկրկնելի, անմոռանալի տպաւորութիւններ ու նոր գիտելիքներ: Թէքէեանցիները հրաժեշտ տուին ճամբարին դարձեալ վերադառնալու ակնկալիքով: