Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

Զուիցերիան Կը Զօրակցի Լիբանանին Սուրիացի Գաղթականներու Ճգնաժամի Խնդրով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Զուիցերիա իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Լիբանանին սուրիացի գաղթականներու ճգնաժամի խնդրով: Այս մասին Երկուշաբթի նախագահ Միշէլ Աունի հետ մամլոյ համատեղ ասուլիսի ժամանակ ըսաւ Զուիցերիոյ նախագահ Ալան Պերսեթ:
«Մենք ականատես ենք սուրիացի գաղթականներու ճգնաժամին հետեւանքով Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն»,- ըսաւ Պերսեթ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ հեռասփռուող ասուլիսի ժամանակ: «Մենք հակուած ենք երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններու խորացման»:
Նշենք, որ Զուիցերիա ներգրաւուած է Լիբանանի մէջ գաղթականներու կենսապայմաններու բարելաւման ուղղուած նախաձեռնութիւններու՝ որպէս տարածաշրջանային ռազմավարութեան մաս, որ կը ներառէ նաեւ Սուտանը եւ Իրաքը: Պերսեթ շեշտեց, որ իր երկիրը զօրակից է գաղթականներու կամաւոր ու ապահով տունդարձին, միմիայն այն ժամանակ, երբ վերադառնալու պարագաները որեւէ վտանգ չեն սպառնար գաղթականներուն:     

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին