Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Գերսամեան Դաստիարակութիւն

ՀՐԱՉ ԻՆՃԷԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Քանի մը օր առաջ ընկերոջ մը հետ կը զրուցէի։ Ինծի մօտ 40 տարի առաջուան պատահար մը պատմեց:

«Մօտ 38-40 տարի առաջ էր, տակաւին նոր երդում տուած կուսակցական, օր մը առանց մէկու մը ըսելու՝ «Թէքէեան» կեդրոն գացի առաւօտ կանուխ: Գիտէի, թէ ընկ. Գերսամ Ահարոնեանը ընդհանրապէս ո՛ր ժամերուն կու գար «Զարթօնք»-ի խմբագրատունը: Կառատան առջեւ իրեն սպասեցի, հասաւ, մօտեցայ, «բարի լոյս» ըսի եւ աւելցուցի. «Ընկ. Ահարոնեան, ձեզի հետ շատ կարեւոր հարցի մը շուրջ կ’ուզեմ խօսիլ։ «Եկո՛ւր, տղաս,- ըսաւ,- նայիմ` ի՛նչ է այդ կարեւոր հարցը, զոր կառատան առջեւ քնացնել տուած է քեզի»: Ուստի բարձրացանք գրասենեակ, տեղաւորուեցաւ իր գրասեղանին առջեւ, ապա «նստէ՛ ու խօսէ՛ նայինք» ըսաւ։

Ես շատ հանգիստ, ինքնավստահ նստեցայ ու սկսայ խօսիլ` ըսելով. «Գիտէք ընկ. Գերսամ, որ ես Պուրճ Համուտի բնակիչ եմ, մեր քովի շէնքը դաշնակցականներու ակումբը կայ։ Երէկ գիշեր զիս կանչեցին ու տեղեկացուցին, որ պէտք է Երկուշաբթի օրերը իրենց հետ պահակութիւն ընեմ, բայց ես «ոչ» ըսի, ու այսօր եկած եմ ձեզ տեղեկացնելու` չէ՞ որ ես կուսակցական եմ։
Մօտ մէկ վայրկեան գլուխը շարժելէ ետք ըսաւ.

– Ակումբը ձեր բնակարանի քովի շէնքն է, տունը որո՞ւ հետ կ’ապրիս: Ձեր շրջանը շատ հայեր կան։
– Այո՛, ճիշդ քովի շէնքն է: Ես կ’ապրիմ հօրս, մօրս եւ քոյրերուս հետ, նոյն յարկին վրայ կ’ապրին քեռիս եւ իր ընտանիքը: Ճիշդ է, շրջանի բնակչութեան 75%-ը հայեր են։

Դարձեալ գլուխը շարժելով ըսաւ. «Տղաս, կը շնորհաւորեմ քեզ այս արի կեցուածքիդ համար, բայց ինչ որ պիտի ըսեմ,- աւելցուց խռպոտ ձայնով,- ականջիդ օղ ըրէ:- Երկուշաբթի ոտքերդ գլխուդ վրայ դնելով իրենց ըսած ժամէն կէս ժամ առաջ ակումբ կ’իջնես ու կ’ըսես` «պատրաստ եմ»: «Բայց ընկեր Գերսամ…»,- ըսի։ Ձեռքի շարժումով խօսքս կէս ձգեց ու ըսաւ. «Լաւ լսէ՛։ Այն անձը, որ իր ընտանիքին, հարազատներուն, ապրած շրջանին չ’ուզեր օգտակար դառնալ, ո՛չ ազգին, ո՛չ ալ իր կուսակցութեան օգտակար կրնայ դառնալ»:

-Դուն քանի՞ տարուան կուսակցական ես,- հարցուց:

-3 ամսուան,- պատասխանեցի։

-Փառք տուր Աստուծոյ, որ 3 ամսուան կուսակցական ես, իսկ հիմա երթաս բարով: Սակայն նկատի ա՛ռ, որ 3 ամիս կախակայուած ես, որպէսզի ականջիդ օղէն մնացած վէրքը չորնայ,- ըսաւ։

Լսելով ընկերոջս պատմածը եւ ի տես ներկայ օրերուն հետեւեալը  կը մտածեմ.

Եթէ ազգօգուտ նպատակի մը համար «մրցակից» հայ կուսակցութեան մը հետ չգործակցելու ընկերոջ մը միտումին մասին ընկ. Գերսամը այդպէս վարուած է, այսօր եթէ ողջ ըլլար, նոյն կուսակցութեան մէջ մրցակցութեան ելած՝ օրինազանց կարգ մը անձերու հետ ի՞նչպէս կը վարուէր։

Հազա՜ր յարգանք իր հոգիին, հազա՜ր յարգանք հասկացողաց:

Ամման

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին