«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Օգոստոս 27-ին կայացած է ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը։ Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ հանդիպումի նախաձեռնութեամբ աւելի կանուխ հանդէս եկած էր Ազգային ժողովի նախագահը՝ երկրի ներքաղաքական դրութեան մասին կատարուած յայտարարութեամբ։
Վեր հանուած հարցերուն շուրջ քննարկումներու բերումով օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ղեկավարները մասնաւորապէս արձանագրած են.
- Անկախ քաղաքական հայեացքներէ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իւրաքանչիւր ոք ունի խօսքի եւ տարաբնոյթ կարծիքի ազատութեան իրաւունք։
- Դատարաններու անկախութիւնը երկրին մէջ արդարադատութեան ապահովման կարեւորագոյն երաշխիքն է, հետեւաբար օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու բաժանման ու հաւասարակշռման համակարգը որեւէ ձեւով պէտք չէ խաթարուի։
- Արդարադատութեան իրականացման գործին մէջ Հայաստանի դատական համակարգը իր ամբողջ գործիքակազմով ինքնիրեն չէ սպառած, այդուհանդերձ, եթէ քաղաքական քննարկումներու բերումով համակարծիք գտնուին, որ կայ անհրաժեշտութիւն «անցումային արդարադատութեան» հիմնարկի, ապա այդ մէկը պէտք է իրականացուի սահմանադրութեան եւ օրէնսդրական համապատասխան դաշտի փոփոխութիւններով՝ միեւնոյն ժամանակ որեւէ ձեւով չվնասելով արդարադատութեան:
- ՀՀ ԱԺ կողմէ 07.06.2018 թուականին հաւանութեան արժանացած կառավարութեան ծրագիրին համաձայն՝ «խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները անհրաժեշտ է իրականացնել առաւելագոյնը մէկ տարուան ընթացքին»: Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները սահմանադրական փոփոխութիւններու միջոցով իրականացնելու պարագային, հաւանական է, որ հանրաքուէի հիմնարկը ըլլայ ամենաժողովրդավարականը, քանի որ փոփոխութեան ենթակայ սահմանադրութիւնը ընդունուած է հանրաքուէով։ Այդուհանդերձ, այս հարցին մէջ որեւէ տարբերակի ընտրութիւնը պէտք է կատարուի հանրային ու քաղաքական լայն քննարկումներէ ետք։ Այդպիսի հնարաւորութիւնները սպառուած չեն թէ՛ խորհրդարանին եւ թէ՛ հանրային լայն շրջանակներուն մէջ: