«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մեկուսարան գտնուող Մանուէլ Գրիգորեանին լուսանկարելու գործով Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մէջ նշանակուած է ծառայողական քննութիւն։ «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին Օգոստոս 25-ին Հրազդան քաղաքի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեանը։
«Չեմ թաքցներ՝ լուսանկարը ըրած է մեր աշխատակիցը, որ բարձր պաշտօն կը զբաղեցնէ։ Իրեն նկատմամբ ծառայողական քննութիւն նշանակուած է, որմէ ետք եթէ պարզուի, որ իր արարքը քրէականօրէն պատժելի է, ան կը մեղադրուի, իսկ եթէ քրէականօրէն պատժելի արարք չ’ըլլայ, կը հեռացուի աշխատանքէն»,- ըսաւ Վանեցեանը։
ԱԱԾ տնօրէնը դատապարտեց այդ լուսանկարի տարածումը։ Վանեցեանի կարծիքը այս առումով կը կիսէ նաեւ արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյլանեանը։
«Այդպիսի լուսանկարներու տարածումը դատապարտելի է։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ պէտք է զսպուածութիւն ցուցաբերեն ու չտրուին նման լուսանկարներ հրապարակելու գայթակղութեան»,- ըսաւ Զէյնալեանը։
Նշենք, որ անցեալ շաբաթ տարածուած էր Մանուէլ Գրիգորեանը վարկաբեկող նկար մը՝ առնուած առանց իր գիտակցութեան երբ ան նստած է իր մեկուսարանին մէջ: Բան մը, որ ահագին աղմուկ բարձրացուց հանրային կարծիքի մօտ մարդկային իրաւունքներու տեսանկիւնէ: Աւելին նշենք, որ լուսանկարը առաջին անգամ հրապարակած էր վարչապետին տիկնոջ խմբագրած լրատուական միջոցը: