«ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ», ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ – Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ՌԱԿ) եւ Լա Փլաթա-ի Պետական Համալսարանի Իրաւաբանութեան Հիմնարկի նախաձեռնութեամբ՝ Օգոստոս 30-են սկսեալ, Պուէնոս Այրէս նահանգի մայրաքաղաք՝ Լա Փլաթայի մէջ տեղի պիտի ունենան տարբեր միջոցառումներ Հայ Մշակոյթի Ամիս խորագիրին տակ։
Հինգշաբթի օր ժամը 16-ին, Լա Փլաթա-ի Համալսարանի մէջ ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան Լիազօր դեսպան Տիկ․ Էսթեր Մկրտումեան․ Դասախօսութեան նիւթն է «Ժողովրդավարութիւն եւ Մարդկանց Իրաւունք ոչ ճանաչուած անկախ երկիրներու մէջ՝ Արցախի Հանրապետութիւնը»։
Ժամը 18.30-ին, Լա Փլաթա-ի Քաղաքապետութեան Թանգարանին մէջ (MUMART), բացումը պիտի կատարուի «Եաները՝ հայ ինքնութեան պատկերացումը արուեստին մէջ» ցուցահանդէսը, որ Քաղաքապետարանի եւ Սենատի կողմէ հռչակուած է «De interés municipal» y «De interés provincial»։
Հանդիսաւոր բացման արարողութեան, ներկայ կը գտնուին Լա Փլաթա-ի Քաղաքապետարանի եւ Սենատի ներկայացուցիչներ, հայկական հաստատութիւններու վարչանդամներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ։