«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութեան առաջնորդ Ուալիտ Ժոմպլաթ Շաբաթ երեկոյեան ըսաւ, որ իր կուսակցութիւնը ետ պիտի չկանգնի նախարարական պահանջներէն: Ան միաժամանակ հաստատեց, որ ԸՅԿ-ը իբրեւ անցարգել պէտք չէ դիտարկել կառավարութեան կազմաւորման մէջ: Այս մասին հաղորդեց տեղական լրատուամիջոց մը:
«Մենք ենթարկուած ենք քաղաքական պաշարման փորձերու, բայց զանոնք խափանած ենք շնորհիւ մեր վճռակամութեան եւ ամուր կամքին: Այս առումով նաեւ կ’ուզեմ ընդգծել, որ ԸՅԿ-ն ետ պիտի չկանգնի իր նախարարական պահանջներէն»,- ազգային լրատուական գործակալութիւնը մէջբերեց Ժոմպլաթի խօսքը Սամքանիէի Շուֆ գիւղին մէջ տեղի ունեցած միջոցառումի մը ժամանակ:
Կուսակցութեան առաջնորդի մեկնաբանութիւնները ուղղակիօրէն կ’առնչուին նոր նախարարաց խորհուրդին մէջ տրուզ ներկայացուցչութեան խնդիրին: