«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աունի հրաւէրով Զուիցերիոյ նախագահ Ալան Պերսեթ Կիրակի եռօրեայ պաշտօնական այցով ժամանեց Լիբանան՝ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ յառաջընթաց գրանցելու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդեն նախագահական մամլոյ գրասենեակէն:
Այսօր Պերսեթ հանդիպում պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի հետ, որուն պիտի յաջորդէ պատուոյ ընթրիք վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի նստավայրին մէջ: Այնուհետեւ Աուն եւ Պերսեթ պիտի ունենան մամլոյ համատեղ ասուլիս Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ:
Երեքշաբթի այցի ծիրէն ներս հանդիպում տեղի պիտի ունենայ Կարմիր Խաչի հետ եւ Թալ Մաայան սուրիական գաղթականներու ճամբարի ստուգատես: