Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Ֆրեզնոյի Մէջ Ուիլիըմ Սարոյեանի Տուն-Թանգարան Պիտի Բացուի

Օգոստոս 31-ին՝ Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան 110-ամեակին, Ֆրեզնոյի մէջ պիտի բացուի գրողի տուն-թանգարանը:

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հաղորդած տեղեկութիւններով՝ բացումը պիտի կայանայ տեղի համալսարանի «Սէթըլիթ Եունիըն» դահլիճին մէջ: Ձեռնարկը պիտի սկսի Սարոյեանի կեանքին նուիրուած ցուցահանդէսով, որուն պիտի յաջորդէ Ուիլիըմ Սարոյեանի եւ «Սարոյեան Հաուս» նախագիծին մասին պատմող վաւերագրական ֆիլմին ցուցադրութիւնը:

«Սարոյեան Հաուս» նախագիծի սկիզբը ազդարարուած էր 2016 թուականին, երբ «Վերածնունդ» մշակութային եւ զարգացման հիմնադրամը ձեռք բերած է Ուիլիըմ Սարոյեանի՝ Ֆրեզնոյի Կրիֆիթ Ուէյ (W Griffith Way) 2729 հասցէին վրայ գտնուող տունը, ուր գրողը անցուցած է կեանքին վերջին 17 տարիները:

Նշանաւոր գրողը լիարժէք ներկայացնելու համար «Սարոյեան Հաուս» նախագիծը ստեղծած է սարոյեանական ամենամեծ թուայնացուած արխիւը, հաւաքագրած է ու կը շարունակէ տարբեր միջոցներով ձեռք բերել Սարոյեանին առնչուող իրեր, լուսանկարներ, գունանկարներ, ֆիլմեր, ձայնագրութիւններ: Ամբողջ նիւթը թանգարանին մէջ պիտի ներկայացուի ճարտարագիտական լուծումներով: Սրահներէն մէկուն մէջ «ներկայ» պիտի ըլլայ գրողը՝ հոլոկրաֆիք պատկերով:

Հետագային, տուն-թանգարանը պիտի դառնայ նաեւ սարոյեանագիտութեան կեդրոն: Նորարարական բոլոր լուծումներով թանգարանը տարածաշրջանին մէջ առաջինն է, իսկ իբրեւ Սարոյեանի տուն-թանգարան՝ առաջինը աշխարհի մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին