Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Սուրիոյ Պատերազմին Մասնակից Ռուս Զինուորներուն Թիւը Գերազանցած Է 63 Հազարը

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Սուրիոյ հակամարտութեան ողջ ընթացքին եւ մինչեւ օրս Ռուսիա աւելի քան 63 հազար ռուս զինուորական ուղարկած է Սուրիա:

«Ֆրանսփրէս» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, նախարարութեան հրապարակած տեսագրութեան մէջ նշուած է, որ մինչեւ օրս 63,012 զինուորական ուղարկուած է Սուրիա, որոնցմէ 25,738-ը սպաներ եղած են, 434-ը՝ զօրավարներ, ինչպէս նաեւ 4329 ռազմագէտներ, որոնք բոլորն ալ պատերազմական մեծ փորձ ձեռք բերած են:

Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ ռուսական օդուժը 39 հազար օդային յարձակում գործելով աւելի քան 86 հազար զինեալ ահաբեկիչ սպանած է, եւ 121,466 ահաբեկչական թիրախ ոչնչացուցած:

Նշենք, որ տեսագրութեան մէջ անդրադարձ չէ կատարուած ռուսական կողմի կրած վնասներուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին