ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
Քանի մը օր առաջ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու երկարամեայ վեթերան ընկեր Գրիգոր Քէհէեանը:
Ընկեր Քէհէեան իր կեանքի ընթաքին իր պատկանած կուսակցութեան միջոցով միշտ նուիրուած էր իր ազգին եւ անոր համար զոհուելու պատրաստ զինուորն էր: Տէօրթ Եոլցի ընկեր Գրիգորի կուսակցական արմատները խորունկ են: Հայրը՝ Յարութիւն Քէհէեան, Լիբանանի մէջ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան հիմնադիրներէն եղած է: Ընկեր Գրիգոր 1952-էն ի վեր Պուրճ Համուտի Վահան Թէքէեան վարժարանի կողքին էր ջանալով ամէն գնով անոր օգտակար դառնալ: : 1954-ին ան մտաւ կուսակցութեան շարքերը ու մնայուն ժրաջանութեամբ նուիրուեցաւ՝ անսակարկօրէն ծառայելով անոր, «Պայքար» ակումբին միջոցով: Դարձաւ «Թէքէեան Պայքար» ֆութպոլի խումբի մարզիկ: Վարչական պաշտօններ հոն: Ստանձնեց նաեւ ատենապետի պաշտօնը: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն եղած է նաեւ «Պայքար» ակումբի մարտական պատասխանատու:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենավտանգաւոր շրջանին պահեց Թէքէեան դպրոցը եւ ակումբը իր աչքի լոյսին պէս: Իր կարծիքները կը յայտնէր անվախօրէն եւ անկեղծօրէն՝ միշտ պաշտպանելով արդար եւ անկողմնակալ որոշումներ: Կը յարգէր ղեկավարները, սակայն անոնց կը յայտնէր իր կարծիքը անկեղծօրէն՝ միշտ իրաւունքը պաշտպանելով: Կու տար անհաշիւ՝ հետեւելով կուսակցութեան տիտաններէն Վահան Թէքէեանի այն խօսքին, թէ այն ինչ որ պիտի մնայ իրեն կեանքէն, իր ուրիշին տուածն էր միայն:
Աւելի քան կէս դար ընկ. Քէհէեան եղաւ ինքնատիպ նկարագիր մը Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան մէջ, ուրոյն ծառայող քաջ գործիչ մը, պատասխանատու ու շարքային:
Զաւակներն ալ մղեց ծառայելու մեր ժողովուրդին՝ անդամակցելով ՀԲԸՄ-ին եւ ՀԵԸ-ին: Կազմած էր հայաշունչ բոյն մը: Սակայն ընկեր Քէհէեանի ընտանեկան կեանքը թախիծով լեցուն էր: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի շրջանին կորսնցուց իր հինգ զաւակներէն՝ չորսը: Տոկաց այս դժխեմ ճակատագրին: Կեանքը լեցուց ծառայութեամբ, ձեւով մը հակադարձելու բնութեան իրեն վիճակած ցաւալի ճակատագրին: Աչքերու ուրախ արտայայտութեան ետին կար թախիծ մը: Դիմացաւ կեանքի բոլոր դժուար պայմաններուն:
Ընկ. Քէհէեան շատ ուրախացաւ, երբ անցեալ տարի կուսակցութիւնը զինք պատուեց քառասունհինգամեայ վեթերանութեան շքանշանով: Վերջին տարիներուն հանդիպումներու ընթացքին, եռանդով ու նախանձախնդրութեամբ կը խօսէր կուսակցութեան անցեալին մասին՝ ապագային նայելով լաւատեսութեամբ եւ վճռակամութեամբ: Կը սպասէր հայրենիքի վերելքին ու պայծառացումին: Այն հայրենիքին, որուն տեսիլքով ապրած ու ծառայած էր իր ազգին, կուսակցութեան միջոցով:
Իր վաստակն ու ներդրումը վկայ՝ ընկ. Գրիգոր Քէհէեան միշտ պիտի յիշուի որպէս անսակարկ ծառայող, քաջ եւ բարի ընկեր մը:
Արժանի հանգիստ իր յոգնաբեկ աճիւններուն:
Յարգանքով կը խոնարհինք իր յիշատակին առջեւ:
Յիշատակը պայծառ եւ անթառամ: