Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Հայաստանի Մէջ Պտուղ-Բանջարեղէնի Արտահանման Ծաւալները Արդէն Գերազանցած Են 2017-ի Տարեկան Ցուցանիշը

2018 Օգոստոս 21-ի դրութեամբ, ըստ անմիջական տեղեկութեան, Հանրապետութենէն արտահանուած է 121,295 թոն թարմ պտուղ-բանջարեղէն։ Ըստ ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու  բաժինէն փոխանցուած տեղեկութիւններու՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ՝ արտահանման ծաւալները աւելցած են շուրջ 49 հազար թոնով կամ 67.7%-ով եւ 444 թոնով կը գերազանցեն 2017-ի արտահանման տարեկան ծաւալները։

Պէտք է նշել, որ տարուան ընթացքին արձանագրուած է ծիրանի արտահանման ծաւալներու աննախադէպ աճ. արտահանուած է 51,594 թոն ծիրան, որ նախորդ տարուան մակարդակը կը գերազանցէ 23, 120 թոնով կամ շուրջ 81.2%-ով։

Արտահանման ընդհանուր կառուցուածքին մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան մասնաբաժինը կազմած է շուրջ 114,603 թոն կամ 94.5 %, մնացածը արտահանուած է Վրաստան, Պելառուսիա, Ուքրանիա, Մոլտովա, Ղազախիստան, Հոնկքոնկ, Իրաք, ԱՄԷ, ԻԻՀ, Պելճիքա, Ռումանիա, Մակեդոնիա, Քուէյթ, Քաթար եւ ԱՄՆ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին