«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Պաշտօնական այցով Չեխիոյ Հանրապետութիւն գտնուող ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Պապլոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ՝ Տաճատ Վարդապետեանը, Արմէն Ռուստամեանը եւ Հրաչեայ Յակոբեանը, Օգոստոս 23-ին հանդիպած է Չեխիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Ռատեք Վոնտրաչեքի հետ:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ, շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպման հնարաւորութեան համար, Արա Պապլոյեանը կարեւորած է երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ փոխգործակցութեան աշխուժացումը: Այս թեմայի լոյսին տակ խորհրդարանի ղեկավարը համոզում յայտնած է, որ հայ-չեխական միջխորհրդարանական աշխոյժ շփումները նոր լիցք կը հաղորդեն տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմ փոխշահաւէտ համագործակցութեան ամրապնդման:
Հայ-չեխական համագործակցութեան օրակարգին անդրադառնալով՝ ՀՀ ԱԺ ղեկավարը նշած է, որ Հայաստան-ԵՄ փոխգործակցութիւնը կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ այդ օրակարգին մէջ: Այս առումով Արա Պապլոյեանը յոյս յայտնած է, որ Պատգամաւորներու պալատը աշնանային նստաշրջանի առաջին իսկ նիստերէն մէկուն ժամանակ կը հաստատէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը:
Չեխիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Ռատեք Վոնտրաչեքը, ողջունելով հայ խորհրդարանականները, նշած է, որ Պատգամաւորներու պալատի ուշադրութիւնը երկար ժամանակ սեւեռուած էր ներքաղաքական օրակարգի վրայ. այդ պատճառով ալ Պատգամաւորներու պալատը դեռ չէ անդրադարձած Չեխիոյ կողմէ ՀՀ-ԵՄ համաձայնագիրի վաւերացման հարցին: Ռատեք Վոնտրաչեքը այս առումով յոյս յայտնած է, որ աշնան չեխ խորհրդարանականները արդէն կը դիտարկեն վերոնշեալ հարցը:
ՀՀ ԱԺ նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է Չեխիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի գործընկերներուն՝ 2017 թուականի Ապրիլ 25-ին Հայոց Ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ գործած այլ յանցագործութիւնները ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւի ընդունման համար:
Ի պատասխան՝ Ռատեք Վոնտրաչեքը նշած է, որ մարդկութիւնը պատմական փաստերը պէտք է ընդունէ ու կոչէ այնպէս ինչպէս որ անոնք կան:
Հանդիպումի ընթացքին կողմերը անդրադարձած են երկու երկիրներու ներքաղաքական իրավիճակին: Հայաստանի խորհրդարանի ղեկավարը ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ քաղաքական փոփոխութիւնները տեղի ունեցած են առանց որեւէ ցնցումի, իսկ խորհրդարանն ալ պատրաստ է աջակցելու կառավարութեան երկրի անվտանգութեան, բնակչութեան բարեկեցութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հետագայ ամրապնդման հարցերուն գծով:
Չեխիոյ Պատգամաւորներու պալատի նախագահը նշած է, որ Հայաստանն ու Չեխիան ունին զարգացող յարաբերութիւններ, առեւտրատնտեսական կապերու մէջ կը նկատուին դրական տեղաշարժեր: Ռատեք Վոնտրաչեքի խօսքով՝ չեխ գործարարները Հայաստանի մէջ տնտեսական հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն, ինչը լաւ հիմք կրնայ դառնալ ներդրումներու համար:
Հանդիպումի աւարտին, կողմերը վստահութիւն յայտնած են, որ համատեղ ջանքերու շնորհիւ երկու երկիրներուն միջեւ կը հաստատուին համագործակցութեան նոր ուղիներ:
Պաշտօնական այցի ծիրէն ներս նոյն օրը հայ խորհրդարանականներու պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Չեխիոյ Քլատնոյի շրջանը գտնուող Լիտիցէ յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ժամանակ Լիտիցէի մէջ զոհուած 82 երեխաներու յիշատակին:
Շրջայց կատարելով յուշահամալիրի տարածքին մէջ՝ հայ խորհրդարանականներու պատուիրակութիւնը Արա Պապլոյեանի գլխաւորութեամբ Լիտիցէի վարդերու պուրակին մէջ վարդ տնկած է՝ ի յիշատակ 82 զոհուած երեխաներուն:
Արա Պապլոյեանը շեշտած է, որ եթէ ինչ-որ առումով մարդկային միտքը կ’ընդունի, թէ պատերազմի ժամանակ մարդիկ կը զոհուին, ապա որեւէ ձեւով չի կրնար ընկալել երեխաները միտումնաւոր վերացնելու հանգամանքը:
Հայկական պատուիրակութեան անդամ Արմէն Ռուստամեանը նշած է, որ նման ողբերգութիւնները վաղեմութեան ժամկէտ չունին եւ միշտ պէտք է դատապարտուին: Ի նշան զոհերու յիշատակի յաւերժութեան՝ Արմէն Ռուստամեանը Լիտիցէի ողբերգութիւնը վերապրածներէն մէկուն Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի խորհրդանիշ Անմոռուկ նուիրած է:
Հայկական պատուիրակութիւնը յուշահամալիրի թանգարանին մէջ ծանօթացած է աշխարհի տարբեր երկիրներու, այդ կարգին՝ Հայաստանի երեխաներու կողմէ զոհուած երեխաներու յիշատակին նուիրուած ցուցահանդէսին ներկայացուած նկարներուն: