«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի աշխատաւորներու ընդհանուր համադաշնութիւնը եւ Արհեստից վարժարաններու մէջ մասնագէտ ուսուցիչներու կոմիտէն Երեքշաբթի բողոքի ցոյց պիտի իրականացնեն Պէյրութի Ռիատ Ալ Սոլհի հրապարակին մէջ: Այս մասին կը տեղեկանանք համադաշնութեան հրապարակած յայտարարութենէն:
Ցոյցը, որ պիտի համընկնի խորհրդարանի կրթութեան կոմիտէի գումարելիք նիստին, պիտի պահանջէ մասնագիտական դպրոցներու պայմանագրային ուսուցիչներու իրաւունքները:
Լիբանանի պետական եւ մասնաւոր կրթութեան ոլորտի ուսուցիչները տարիներ շարունակ բողոք ներկայացուցած են: Ոմանք կը ցանկան երկարաժամկէտ պայմանագիրեր եւ համապատասխան նպաստներ ստանալ, իսկ միւսները կը բողոքեն աւելի բարձր աշխատավարձի համար՝ նկատի ունենալով 2017-ի Յուլիսին հանրային հատուածի աշխատողներու աշխատավարձի բարձրացման վերաբերեալ ընդունուած որոշումը: