Դիլիջանի քաղաքային զբօսայգին անճանաչելիօրէն փոխուած է: Նախապէս չխնամուելու հետեւանքով սաղարթախիտ անտառի վերածուած այգին այսօր արդէն ծառերով, կոկիկ նստարաններով եւ աղբամաններով, նոր խաղահրապարակով եւ ճեմուղիներով, արդիականացուած լուսաւորութեամբ նոր տեսք ունի:
Այգիի բարեկարգման աշխատանքները մեկնարկած էին 2018-ի Մայիսին, իսկ բացումը կատարուեցաւ Օգոստոս 17-ին: «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IdeA) հիմնադրամի ծրագիրով այգիի բարեկարգման առաջին փուլի համար ներդրուած է մօտ $ 150 հազար:
«IDeA հիմնադրամը Դիլիջանի մէջ կ’իրականացնէ շարունակական եւ մեծածաւալ նախագիծեր, որոնց նպատակն է այս տարածաշրջանը դարձնել մշակութային, կրթական, առողջապահական եւ զբօսաշրջային առաջատար կեդրոն: Զբօսաշրջային տեղեկատուական կեդրոնի հիմնումը, ինչպէս նաեւ քաղաքային զբօսայգիի բարեկարգումը կը ստեղծեն անհրաժեշտ ենթակառուցուածքները, որպէսզի Դիլիջանը դառնայ Կովկասեան Տաւոս, ուր աշխարհի տարբեր երկիրներէ զբօսաշրջիկներու կ’առաջարկուին բարձրակարգ ծառայութիւններ»,- այգիի բացման ժամանակ ըսած է «IDeA» հիմնադրամի տնօրէն Րաֆֆի Պաղճեան:
Դիլիջանի քաղաքային այգիի մուտքին բացուած է նաեւ ճարտարապետական հետաքրքրական լուծումներով կառուցուած Տաւուշի մարզի առաջին զբօսաշրջային տեղեկատուական կեդրոնը, որ կառուցուած է «Դիլիջանի եւ յարակից համայնքներու զարգացման նախաձեռնութիւն» ծրագրի ծիրէն ներս։ Ծրագիրը «IDeA» հիմնադրամը կ’իրականացնէ Եւրոպական Միութեան, Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան համաֆինանսաւորմամբ` համագործակցելով Դիլիջանի համայնքապետարանի եւ Դիլիջանի Ազգային պարկի հետ:
Կեդրոնը անվճար տեղեկութիւն պիտի տրամադրէ Դիլիջան եւ տարածաշրջան այցելող զբօսաշրջիկներուն: Կեդրոնի գլխաւոր նպատակներէն է բարձրացնել Դիլիջան Ազգային պարկի եւ յարակից բնակավայրերու զբօսաշրջային գրաւչութիւնը եւ դառնալ տարածաշրջանի մէջ զբօսաշրջութեան եւ հանգիստի հետ կապուած ձեռնարկներու համակարգման գլխաւոր հարթակ: