«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած է Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան վարչապետ Անկելա Մերքելը: Սա Հայաստանի անկախութենէն ի վեր Գերմանիոյ վարչապետի առաջին այցն է Հայաստան: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Անկելա Մերքելը դիմաւորած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք ԳԴՀ վարչապետը ուղեւորուած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Նշենք, որ Գերմանիան 2016 թուականին ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը։ 1915-ի իրադարձութիւնները 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն որակող բանաձեւը Պունտեսթակն ընդունած է գրեթէ միաձայն։
Այնուհետեւ կայացած են հայ-գերմանական բարձր մակարդակի բանակցութիւններ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ԳԴՀ վարչապետ Անկելա Մերքելի գլխաւորութեամբ: