«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն Ուրբաթ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ ընդունեց տեղեկատուական նախարարի պաշտօնակատար Մըլհեմ Ռիաշիի այցելութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ազգային լրատուական գործակալութիւնը:
Ռիաշի հանդիպումէն ետք ըսաւ, որ նախագահ Աունի հետ հանդիպումին հիմնականօրէն շօշափած են նախագահութեան եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ առկայ յարաբերութիւնը եւ զայն աննշան հաշիւներէ վեր պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումի տուն տուող կարեւորագոյն պատճառներէն կը համարուին խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք նախարարաց խորհուրդի կազմաւորման մէջ երեք ամիսէ դեռեւս շարունակուող տեղքայլը, ինչպէս նաեւ ԼՈ-ի եւ ԱԱՀ-ի միջեւ ընթացող տարաձայնութիւնները նորակազմ կառավարութեան մէջ քրիստոնէական ներկայացուցչութեան շուրջ: